Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Տիարպեքիրի Սբ. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Հիմնադրամը Պիտի Բողոքարկէ Եկեղեցւոյ Պետականացման Որոշումը

Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումով` օրեր առաջ արագացուած կարգով պետականացուած էր Տիարպեքիրի Սուր շրջանի 80 տոկոսը: Պետականացուած տարածքին մէջ կը մտնեն  հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին,  ասորական ու բողոքական  եկեղեցիներ:

Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «T24» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամները կը պատրաստուին դատարան դիմելու` որոշումը չեղարկելու համար:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այըքը յայտնած է, որ իրաւաբանները սկսած են աշխատիլ այս ուղղութեամբ եւ բողոքարկման դիմում պիտի ներկայացնեն դատարան:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի փաստաբաններէն Ալի Էլպէյօղլուն իր հերթին նշելով, որ նախարարներու խորհուրդի որոշումը անհրաժեշտ է ուղղել նոյն խորհուրդի նոր որոշմամբ, աւելցուցած է. «Սակայն սա պէտք չէ ձգել վարչակարգի հայեցողութեան: Մենք պէտք է իրաւական գործընթացի ծիրէն ներս դատարան դիմենք»:

իսկ Դպրեվանքի հիմնադրամի փաստաբաններէն Օմեր Քանթիքը կը կարծէ, որ պետականացման որոշումը անօրինական  է: Ըստ Քանթիքի նախարարներու խորհուրդը որոշումը կայացնելու ատեն պէտք է պարզաբանէր, թէ որ հատուածը ինչու կը պետականացուի, իսկ այժմ յայտարարութիւնները, թէ պետականացման գործընթացը «բարի նպատակներ» ունի, իրաւական տեսանկիւնէ չեն կրնար մեղմել իրավիճակի լրջութիւնը: «Այն, որ եկեղեցին արձանագրուած է որպէս պատմական յուշարձան, իրավիճակը չի փոխեր: Կա՛մ Նախարարներու խորհուրդը նոր որոշում կ’ընդունի, կա՛մ ալ պէտք է բողոքարկման համար դիմել դատարան»,ըսած է փաստաբանը:

Նախարարներու խորհուրդի որոշումը փոխելու անհրաժեշտութեան մասին խօսած է նաեւ՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան: Վերջինս նշած է, որ հարցը քննարկելու համար հանդիպում պահանջած է Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ֆաթմա Կիւլտեմեթ Սարըի հետ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Ատնան Էրթեմ, հայկական «Ակօս» թերթին պարզաբանումներ տուած է Սբ. Կիրակոս եկեղեցւոյ շտապ պետականացման վերաբերեալ:

Թուրք պաշտօնեային խօսքով` այդ որոշումը ուղղուած է պատմական շինութիւններու պահպանման: Ըստ Էրթեմի որոշումը պատմական շինութիւններու շրջակայքին մէջ իրականացած ապօրինի կառուցապատումէն ազատուելու իրաւասութիւն կու տայ, որ թոյլ կու տայ ապահովել այդ շինութիւններու տեսանելիութիւնը:

Հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին գրեթէ 100-ամեայ լքուածութենէ ետք՝ ամբողջովին  վերաբացուած էր 2012-ի Նոյեմբեր 3-ին, որմէ յետոյ անիկա դարձած էր տեղի հայերը միաւորող կարեւորագոյն կեդրոն: Պատմական եկեղեցւոյ կիսաւեր շինութեան վերանորոգման համար շուրջ 2 միլիոն թրքական լիրա յատկացուած էր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին