ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Մարտ 29-ին տեղի ունեցաւ «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութեան շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։
Գիրքը վերահրատարակուած է Հունգարիոյ հայ ազգային ինքնավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանէսեանի հովանաւորութեամբ` 100 օրինակով, որոնց վրայ դրոշմուած է ապակէ 100 հայկական մանրանկար:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վերահրատարակութեան նախաձեռնող Ալեքս Աւանէսեանին, որ ջանք ու եռանդ չի խնայեր հայ մշակոյթը հունգար ժողովուրդին եւ կառավարութեան ներկայացնելու գործին մէջ: Ֆրանց Վերֆելի վէպի այս շքեղ հրատարակութիւնը անոր վառ ապացոյցն է: Ի հարկէ մենք գիտենք, որ հայ-հունգարական միջպետական յարաբերութիւնները սառեցուեցան՝ կացինով մարդ սպաննող ազրպէյճանցիին արտայանձնման ու հերոսացման գործընթացներէն յետոյ, սակայն համոզուած ենք, որ այդ յարաբերութիւնները չեն վերաբերիր հայ եւ հունգար ժողովուրդներուն: Մենք ամէն բան պէտք է ընենք՝ հունգար ժողովրդին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ճշգրիտ լոյսի ներքոյ ներկայացնելու եւ բարեկամութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ: Պարոն Աւանէսեանի այս հրաշալի նախաձեռնութիւնը կու գայ օգնելու ճիշդ այդ գործին»:
ՀՀ Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան նշեց, որ Հունգարիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945ին, այնուհետեւ բազմիցս վերահրատարակուած է: Իւրաքանչիւր վերահրատարակութիւն կը փաստէ այն մասին, որ վէպը կ’ապրի ապրեցնելով իր հեղինակը` Ֆրանց Վերֆելը: «Վէպի առաջին հրատարակութիւնը 1933-ին էր, եւ ընդամէնը մէկ տարի անց ան արժանացաւ «Տարուայ լաւագոյն վէպ» միջազգային միցանակին: Լոյս տեսնելով մօտ մէկ միլիոն օրինակով` ան կարծէք իւրօրինակ յարգանքի տուրք դարձաւ մեր մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին, – նշեց Վիրաբեան աւելցնելով, – Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ոչ մէկ գիրք կամ ֆիլմ այնպէս չէ ընդունուած միջազգային հանրութեան կողմէ, որքան Վերֆելի վէպը»:
Ելոյթ ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան: Ան ընդգծեց, որ յատկապէս Վերֆելի այս վէպով միջազգայնացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) արեւելագիտութեան բաժանմունքի թուրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան` գիրքի վերահրատարակութեան շնորհանդէսը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար: Ա. Սաֆարեան կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ Վերֆել ազգութեամբ հրեայ էր, որուն մասին յաճախ կը խուսափին նշել: «Այսօր մեր գրականագէտները պէտք է լրացնեն խորհրդային տարիներու բացը: ԵՊՀ փրոֆէսորադասախօսական ամբողջ կազմի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզ, պարոն Աւանէսեան` Վերֆելի վէպի վերահրատարակութեան գործը պատուով կազմակերպելու համար», ըսաւ Սաֆարեան:
Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան, նոյնի գիտաշխատող Յովհաննէս Ալեքսանեան, «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան անդամ, մուսալեռցիի ժառանգ Գաբրիէլ Փանոսեան:
Այնուհետեւ ներկաներուն դիմեց Հունգարիոյ հայկական ինքնավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանէսեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատականի համար` պարոն Աւանէսեան Հունգարիոյ հայկական համայնքին կողմէ 2015ին իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն մասին պատմող ֆիլմին զուգահեռ, խօսեցաւ նաեւ ընելիքներու եւ ներկայացուած գիրքի վերահրատարակութեան մասին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին կարճ տեսաֆիլմ:
Անդրադառնալով գիրքին Աւանէսեան կարեւոր նկատեց կազմի մանրանկարիչ` Պուտապեշտի Հայ արուեստի կեդրոնի մանրանկարչութեան ուսուցչուհի Երմոնէ Զապէլ Մարթայեանի եւ անոր աշակերտներու կատարած հիասքանչ աշխատանքը, որուն շնորհիւ վէպը առանձնակի շքեղութեամբ շուտով կը յայտնուի Հունգարիոյ պետական այրերու, հունգարահայ համայնքին սատար կանգնող հունգարացիներու, համայնքապետերու սեղանին, պետական հաստատութիւններու եւ թանգարաններու մէջ:
Ա. Աւանէսեան նաեւ նշեց, որ միայն Վերֆելի վէպի վերահրատարակմամբ պիտի չի բաւարարուին: «Մենք գիտենք, որ այսօրուայ երիտասարդները դժուարութեամբ հաստափոր գիրքեր կ’ընթերցեն, ուստի նախաձեռնած ենք նաեւ վէպի նիւթով երաժշտական ֆիլմի նկարահանում: Նախնական աշխատանքները աւարտած ենք եւ նախատեսած Սեպտեմբեր 21-ին ֆիլմը ցուցադրել Պուտապեշտի մէջ` Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ», նշեց Աւանէսեան:
Շնորհանդէսի աւարտին նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրեր յանձնեց՝ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» գիրքի հունգարերէն թարգմանութեան վերահրատարակութեան նախաձեռնողներ Ալեքս Աւանէսեանին, Սեւան Սարգիսեանին, Նիկողոս Յակոբեանին եւ Սօսի Սուսանիին: