Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Հայկական Մշակոյթի Շաբաթ Թոքիոյի Մէջ

Մարտ 22-27 Թոքիոյի մէջ իրականացած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ, որու ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ` հայ եւ ճափոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Շաբաթը մեկնարկած է «Տայգանեամա Հիլսայտ թերաս» սրահներու համալիրին մէջ, ուր Ճափոնի «Շոկագա» միութիւնը ներկայացուցած է հայաստանեան պատկերներով ճափոնական գեղագրութեան արուեստը, ցուցադրուած են հայ ձեւաւորող եւ նկարիչ Արեւ Պետրոսեանի ու ճափոնցի գեղանկարիչ Մագոթօ Մաէտայի աշխատանքները:

Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են Արաքս Մանսուրեանի մենահամերգը` ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ եւ ճափոնցի երաժիշտներու` դասական երաժշտութեան համատեղ համերգներ: Ձեռնարկներու ծիրէն ներս կայացած են նաեւ հայկական ու ճափոնական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ:

Մշակոյթի շաբաթը կազմակերպած էր Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան, Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA), համայնքային կառոյցներու, Կոմիտաս միութեան, «Կալերի Կինզա Իչոմէ» եւ այլ ընկերութիւններու աջակցութեամբ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին