Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ընկեր Սմբատ Տէրունեան Ամբողջական Հայը

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք կիպրահայ ազգային-հասարակական գործիչ, իրաւաբան, բանաստեղծ, վեթերան ռամկավար ազատական Ընկ. Սմբատ Տէրունեանի (Տէվլեթեան) մահը, որ պատահեցաւ Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս, 24 Մարտ 2016-ին: Ընկ. Տէրունեանի կեանքը եղաւ ամբողջական նուիրում իր որդեգրած ռամկավար-ազատական գաղափարներուն եւ հայութեան:

Ընկ. Սմբատ Տէվլեթեան, գրական անունով Տէրունեան՝ ծնած է 1923-ին, Լիզպոս կղզի, Յունաստան: Նախնական ուսումը յունական տեղական վարժարանի մէջ ստանալէ ետք, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսման համար կ’անցնի Կիպրոս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն: Իրաւաբանական բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Անգլիոյ մէջ, աւարտելով Լոնտոնի Համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը:

Ամբողջ կեանք մը գործած է որպէս փաստաբան, նոյն ժամանակ տրամադրելով գիտելիքներու իր հարուստ պաշարը կիպրահայ համայնքի կեանքին: Նիկոսիոյ ՌԱԿ «Վահան Թէքէեան» ակումբէն ներս վարած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է կիպրահայ ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ եւ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հոգաբարձական կազմի անդամ:

Ընկեր Տէրունեան որպէս բանաստեղծ եւ հրապարակագիր երկու անգամ հրաւիրուած է Խորհրդային Հայաստանի գրողներու համագումարներուն: Տասնամեակներ շարունակ ռամկավար- ազատական մամուլէն ներս եղած է մնայուն գրիչ, մասնաւորաբար իր աշխատակցութիւնը բերելով Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրական ամսագիրին:

1942-ին կեանքի ընկեր կ’ընտրէ Թագուհի Պչաքճեանը (մահացած 2013- ին): Իրենց որդին՝ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեան ծնողներուն նման մելգոնեանցի է եւ գրաւած պատասխանատու պաշտօններ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան մէջ:

Այս տխուր առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ Ընկ. Սմբատ Տէվլեթեանի որդւոյն՝ ընկեր Ասատուր Տէվլեթեանին, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ կիպրահայ ու աշխարհատարած մեր համայն շրջանակներու անդամակցութեան:

Բիւր յարգանք անոր թարմ յիշատակին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին