Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հրաշափառ Յարութեան Նորոգող Զօրութիւնը

«Առաքեալները մեծ զօրութիւնով

                                                                                  վկայ   էին   Տէր   Յիսուսի    յարութեան:

                                                                                  Անոնց ամէնուն վրայ մեծ շնորհք կար:»

                                                                                                                                       Գործք 4.33

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը նոր յոյսով եւ նորոգուած զօրութիւնով լեցուց Անոր աշակերտները:  Խաչին պատճառած յուսահատութենէն եւ վախէն ետք՝ կարելի միակ ընթացքը եւ վարմունքը Առաքեալներուն համար, թագնուիլը կամ փախուստ տալն էր. սակայն անոնք տեսած էին Յարուցեալ Յիսուսը եւ դարձած Անոր վկաները:  Վկաներ, որոնք ոչ միայն անոր գործերուն մասին կը խօսէին իբրեւ անցեալի դէպքերու ականատեսներ, այլ՝ Անոր յարութիւն առած ըլլալը, Անոր ներկայ ըլլալը կը պատմէին բոլորին:  Անոնք ականատեսներն էին ոչ միայն Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւն առած ըլլալուն, այլ Իր յարուցեալ էութիւնը իրենց մէջ ներգործելու Անոր իշխանութեան, զոր Ան յայտնած էր Իր հրաշափառ յարութիւնով:  «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի եւ երկրի մէջ». ըսած էր Ան իրենց (Մատթ. 28.18):

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան տօնը կը կատարենք, սակայն Անոր ներկայութեան եւ իշխանութեան զօրութիւնը չենք ապրիր սովորաբար:  Ներկայութիւն եւ իշխանութիւն, որոնք պիտի զօրացնեն մեզ կեանքի մէջ՝ աշխարհին դիմաց, եւ պիտի նորոգեն մեզ այնպէս՝ որ մեր շուրջ տարածուած եւ տակաւ արմատացող ինկած վիճակները չտիրեն մեզի եւ չընկճեն մեզ:  Իբրեւ Քրիստոնեայ հաւատացեալներ կ’ըսենք թէ վկաներն ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան, սակայն մեր վկայութեան մէջ կը պակսի կեանքի եւ խօսքի ազդեցիկ համադրումը, որ մեր վկայի արժանահաւատութիւնն իսկ է. յարութեան յաղթանակին մասին կը խօսինք, սակայն մահուան եւ անոր միջոցներուն դիմաց՝ կեանքի մեր ներուժը կը կորսնցնենք:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեզ դարձեալ կը հրաւիրէ «կեանքին» վկաները ըլլալու, նորոգելու Անոր յարութեան վկայ ըլլալու մեր առանձնաշնորհը:  Վկան ան է, որ դէպքի մը ականատէսը, մասնակիցը եւ ներկայացնողն է:

Եթէ դէպքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնն է պարզապէս՝ ապա մենք անոր ականատէսները կ’ըլլանք տարբեր իմաստով միայն, քանի որ կ’ապրինք դէպքէն դարեր ետք:  Տէր Յիսուսը մարմնով չենք տեսած, սակայն, եթէ իսկական դէպքը Յարուցեալին մեզի հետ ներկայութիւնը եւ մեզի շնորհած կեանքի որակն ու ներուժն է, ապա մենք վաւերական ականատեսներն ենք Անոր յարութեան:   Ան Իր ներկայութեամբ կը նորոգէ մեր ականատեսի փորձառութիւնը, ամէն օր մեզի տալով նոր հաւատք, նոր օրհնութիւն եւ նոր շնորհք մեր կեանքին համար:

Եթէ մեր շրջապատի կեանքին մասնակիցները դառնանք մեր ապրած ժամանակին մէջ՝  մենք մեր ներդրումը կը բերենք մեր շրջապատին, կեանքի նորոգուող որակով:  Երբ կ’ապրինք Յարուցեալին մեզի շնորհած յոյսով՝ մասնակից կը դառնանք յարութեան կեանքին, եւ չենք պարտուիր աշխարհին մեզի պատճառած ցաւերէն կամ կորուստներէն:  Յարուցեալին զօրութիւնովը կը յաղթենք նոյնիսկ մահուան վախին:  Այդպէս, զօրութիւնով կ’ըլլայ մեր վկայութիւնը, նաեւ մեր շրջապատը կը քաջալերենք եւ մասնակից կը դարձնենք յարութեան զօրութեան:

Եթէ այս հաւատքով ականատէսը եւ մասնակիցը ըլլանք Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան՝ ապա զԱնիկա աշխարհին կը ներկայացնենք ի՛րապէս:  Խօսքով եւ կեանքով կը ներկայացնենք Յարուցեալին «կեանքը», եւ այդպէս՝ իրական կը դառնայ յարութեան զօրութիւնը աշխարհի մէջ, մեր շրջապատէն սկսեալ:  Ասիկա մեծագոյն հրաւէրն է մարդուն՝ «կեանքին» համար:   Երբ անսանք այս հրաւէրին՝ այն ատեն մեր անշնորհք վիճակներէն պիտի անցնինք Անոր շնորհքին առաւելութեան:

«Ու դուք էք այս բաներուն վկաները», կ’ըսէ Յարուցեալ Փրկիչը իր աշակերտներուն (Ղուկ. 24.48):  Թող Տէրը շնորհք աւելցնէ շնորհքի տեղ, որպէսզի Յարուցեալին վկաները ըլլանք զօրութեամբ, «կեանքին» համար:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                                        Նախագահ, Մ. Ա. Հ. Ա. Ե. Մ.-ի

Մարտ 2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին