Սթամպուլի մէջ Ապրիլ 6-ին պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, որ պիտի ներկայացնէ «թուրքերու եւ հայերու 800-ամեայ համատեղ մշակոյթը»:
Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական «haberstar» լրատուական կայքը կը գրէ, որ ցուցահանդէսը կազմակերպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ոչ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակը» խորագիրին տակ իրականացուելիք ցուցահանդէսին ժամանակ, պիտի կը ներկայացուին 1895-1914 տպագրուած եւ Սթամպուլի ու Անատոլիոյ մէջ հայերու կենցաղը նկարագրող աւելի քան 4000 բացիկներ եւ օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր: Բացիկները տրամադրուած են են Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի կողմէ, որուն կը պատկանի օսմանեան բացիկներու ամենամեծ արխիւը:
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 6-ին՝ Ճարտարապետ Սինանի անուան գեղարուեսի համալսարանին մէջ: Բացման ելոյթ պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայ երաժիշտ Արա Տինքջեանը եւ Սթամպուլի թրքական պետական համոյթը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ 29: