Հեռաւոր Արկտիկայի` նորվեգական Շպիցպերկընի կղզիներէն մէկուն մէջ, յատուկ պայմաններով կը պահուին աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններու բոյսերուն սերմերը, որոնք կրնան օգտագործուիլ, եթէ համաշխարհային աղէտ պատահի մոլորակին: Հայաստանէն հացազգիներու մօտ 400 նմոյշ նոյնպէս կը պահուի այնտեղ: