Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Արցախի Ձեւագիտական–Կիրառական Արուեստը Շարամբէյեան Կեդրոնին Մէջ

Արցախի գորգագործութեան, խեցեգործութեան եւ ժողովրդական արուեստի այլ ուղղութիւններ ներկայացնող նմոյշներ, ամփոփուած են մէկ ցուցահանդէսի մէջ: «Արմէնփրես»ի հաղորդած տեղեկութիւններով, Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է՝ «Արցախի տեքորաթիւ–կիրառական արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսին:

Բացման օրը տեղի ունեցած է նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Սարգսեանի «Արցախի բանահիւսութիւնը» գիրքի շնորհահանդէսը, որու ընթացքին խաղիկներու ձեւով  ներկայացուած են պատառիկներ Արցախի բանահիւսութենէն, հնչած են ժողովրդական երգեր, ցուցադրուած է Արցախի այցեքարտերէն մէկուն՝ «Ժենգեալով հաց»ի պատրաստութեան գործընթացը ներկայացնող ժապաւէն:

Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հայաստանի եւ Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնները: Ժամանակաւոր ցուցահանդէսը Յովհ. Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ բաց պիտի մնայ մինչեւ Մարտ 30։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին