14 Մարտ 2016-ին Հայ Աւետարանական Գոլէճ՝ ՀԱԳ այցելեց ԼՂՀ-ի վարչապետ տիար Արա Յարութիւնեանը, ընկերակցութեամբ պետական պատուիրակութեան, Լիբանանի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Պր. Կարօ Քէպապճեանի եւ Արցախ Ֆոնտի պատասխանատուներէն Պր. Մասիս Ալեքսանտրեանի: Շէնքի մուտքին վարչապետն ու պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Փոխտնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի կողմէ, ապա տեսչարանին մէջ տեսակցեցան տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին հետ, որու ընթացքին պատուիրակութեան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ՀԱԳի պատմութեան եւ առաքելութեան մասին: Հիւրերը ստացան Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի պատմագիտական աշխատութիւններէն օրինակներ: Փոխանակուեցան յուշանուէրներ:
Նշենք, թէ նոյն օրը ՀԱԳի 12րդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ներկայ եղան Հայկազեան Համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Պր. Արա Յարութիւնեանին հետ լիբանանահայ երիտասարդներու հանդիպումին: