Ստեփանակերտի «Վալլեքս Գարդեն» հիւրանոցին մէջ, «Հայաստանի այգիներ» իրաւաբանական անձերու միութեան եւ Արցախի խաղողագործներու եւ գինեգործներու միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտ 19-ին կայացած է հայկական գինիներու ցուցադրութիւն եւ համտես: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայկական 14 կազմակերպութիւններու արտադրած կարմիր, սպիտակ եւ վարդագոյն գինիներու լայն տեսականի: Ներկայ եղած է ԼՂՀ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, որ ծանօթացած է ներկայացուած գինիներու տեսականիի առանձնայատկութիւններուն եւ պատրաստման եղանակներուն:
Արցախի խաղողագործներու եւ գինեգործներու միութեան նախագահ, արցախեան «Կատարօ» տեսակի գինիներու արտադրող Գրիգորի Աւետիսեան նշած է, որ հայկական գինիներու ցուցադրութեան եւ համտեսի նպատակը գինի մատուցելու, խմելու մշակոյթի զարգացման եւ տարածման նպաստելն է:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներէն «Սեմինա Քընսալթինգ» գինեգործական-խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէն Վահէ Քէոշգերեան նշած է, որ իրենց գլխաւոր նպատակներէն է Հայաստանի գինեգործական հարուստ պատմութեան նկարագիրի եւ աւանդոյթներու վերհանումն ու տարածումը, որ իր հերթին պիտի նպաստէ հայկական գինիներու իրացման ծաւալներու եւ աշխարհագրութեան ընդլայնման: Անոր խօսքով հայկական գինիներու ցուցադրութիւնն ու համտեսը, որուն մեկնարկը տրուած է Ստեփանակերտի մէջ, պիտի կրէ շարունակական բնոյթ եւ յառաջիկային նման ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին Հայաստանի եւս 4-5 քաղաքներու մէջ:
«Արցախը գինեգործական մեծ ներուժ ունի` յատկապէս կարմիր գինիներու արտադրութեան համար: Ես արդէն ծանօթ եմ տեղական գինիի համին եւ որակական բարձր յատկանիշներուն: Ներկայիս մենք խորհրդատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերենք արցախի գինեգործներուն, որուն արդիւնքով իմ կարծիքով, յառաջիկայ մի քանի տարիներու ընթացքին այստեղ որակեալ գինիներու 8-10 արտադրող կ’ունենանք», ըսած է Վահէ Քէոշգերեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ եղած են նաեւ ԼՂՀ տնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան, ԱԺ պատգամաւորներ, պաշտօնատար այլ անձեր, արցախցի անհատ գինեգործներ ու արտադրողներ: