*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Իսկապէս, որ աշխարհը փոքր գիւղի մը վերածուած է: Հեռու անկիւնի մը մէջ պատահած եղելութիւնը, անմիջական տեսալսողական լրատուութեան ընթացքին այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ կարծէք մեր մօտն է կատարուածը:
Երէկ դարձեալ ահաբեկչութիւնը՝ թեռորը իր գործը ըրաւ: Երեք պայթումներ Պրիւքսէլի մէջ ոչ միայն Պելճիքան ցնցեցին, այլ ամբողջ աշխարհը: Լիբանանը ի շարս կարգ մը այլ երկիրներու, դէպի Պրիւքսէլ գացող իր թռիչքները անմիջապէս կասեցուց: Անգամ մը եւս մահ, ցաւ եւ վախ: Անգամ մը եւս հին-նոր հարցումը կը կրկնուի մեր միտքերուն մէջ՝ ինչո՞ւ: Ինծի համար առեղծուած մը եղած է հետեւեալ հարցը՝ ինչպէ՞ս մարդ արարած կոչուած մը, անցեալի պայթումները եւ անոր թողած մահն ու աւերը կրնայ տեսնել եւ յամառօրէն ու վճռականօրէն նոյն մահը եւ ցաւը պատճառող արարքը կրկնել:
Երբեք կրցա՞ծ էք տրամաբանել «Չար» գոյութիւնը: Միասին երեւակայենք, այլեւ երազենք փնտռելու համար պատճառներ, ըստ որոնց կրնանք նման «չար» ահաբեկչութիւն մը արդարացնել: Աւելին հարցնեմ՝ ի՞նչ պատճառներ կրնան ըլլալ պատերազմներու գոյութեան եւ անոնց պատճառած մահն ու աւերը արդարացնող: Կրցա՞ծ էք երբեւէ տրամաբանել «Չար»ը: «Այս բոլոր պատերազմները պէտք են, որպէսզի մարդկութեան թիւը նուազի. այլապէս երկրագունդի վրայ ոտք կոխելու տեղ պիտի չմնայ», պիտի տրամաբանէ իմաստուն մը: «Բազմաթիւ զէնք արտադրող գործարաններ կան, եթէ պատերազմները դադրին, անոնք բոլորը պիտի փակուին եւ տնտեսական հսկայական տագնապներ պիտի յառաջացնեն», կրնայ աւելցնել ուրիշ մը:
Գիտէ՞ք ինչպէս կարելի է սահմանել նման մտայնութեան տէր մարդիկը՝ իրենց միտքերը լուացուած, հարցերը միակողմանի դիտելու նպատակով: Լիբանանցի միջազգային հեղինակ Նասիմ Թալէպ, «Սեւ Կարապը» (The Black Swan) իր հռչակաւոր գիրքի նախաբանին մէջ գեղեցիկ բացատրութիւն մը կու տայ: Կը մէջբերեմ. «Մարդկութիւնը կը կարծէր, որ կարապները միայն սպիտակ կ’ըլլան՝ մինչեւ այն օրը, որ մէկը յայտնաբերեց սեւ կարապ մը: Թէեւ զարմացած տեսածին առջեւ, սակայն անխուսափելի իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէր: Միակողմանի մտածողներուն կը հրաւիրեմ «սեւ կարապ»ի մը կարելութեան մասին մտածելու»:
Մարդկութեան բազմացումով մտահոգուողներուն սեւ կարապի մը կարելիութիւնը կ’ուզեմ տալ: Ուսումնասիրութիւն կատարա՞ծ էք, թէ երկրագունդի վրայ որքանով անբնակ տարածքներ կան, ուր մարդկութիւնը կրնայ տակաւին տարիներ եւ տարիներ գոյատեւել: Թէ ոչ մեր տուփերու մէջ կաղապարուած միտքերը, կարողութիւնը չունին այդ ուղղութեամբ մտածելու: Եթէ ուզէի նմանեցնել այս հարցը բանի մը, զայն պիտի նմանեցնէի այն առաջին մարդուն՝ Նիլ Արմըսթրոնկի լուսին ելլելուն, որ կատարուած իրականութիւ՞ն է, թէ հնարուած սուտ մը: Ոչ ոք յստակ պատասխան ունի: Բայց ընդհանրացած համոզումը այն է, որ անոր դէպի լուսին ճամբորդութիւնը անվիճելի իրականութիւն մըն է: Ինչպէ՞ս գիտենք՝ «ըսուած է»ով: Արդեօ՞ք մարդկութեան բազմացումի մտավախութիւնը սփռող կողմերը «ըսուած է»ով մը չէ՞, որ նշուած լուրը կը տարածեն: Չեմ գիտեր: Բայց չեմ ալ ուզեր անչափահաս մանուկի նման ձեռքս անցածը բերանս նետել:
«Զէնք արտադրող գործարաններու փակուիլը տնտեսական ծանր տագնապ կրնայ պատճառել» ըսողներուն ալ՝ սեւ կարապ մը տամ: Կարդացած ենք տնտեսական տագնապներու մասին եւ թէ ինչպէս անոնք վերջ գտած են: Եթէ կարդացած չենք, արդեօք ամէն օր չե՞նք տեսներ սնանկացող հսկայ ընկերութիւններ: Լսեցի՞ք NOKIAի մասին: «Մենք սխալ ոչինչ ըրինք, ինչո՞ւ այս պատահեցաւ մեզի», սոյն ընկերութեան տէր Սթիւ Պալմըր լալով արտասանեց՝ տարիներու իր հաստատութիւնը ուրիշի մը յանձնելու ընթացքին: Ի՞նչ պատահեցաւ. կեանքը շարունակուեցաւ: Եւ նոյնը պատահեցաւ բոլոր տնտեսական տագնապներէ ետք: Ուրեմն…։
Չարը անտրամաբանական է: Անոր միակ բացատրութիւնը աստուածաբանական պատասխանն է: Բայց դժբախտաբար մարդ արարածը տակաւին կը հաւատայ, որ միայն ճերմակ կարապներ կան աշխարհի վրայ: Այդ պատճառով ալ «Չարը» աներեւելի եւ աննկատ թշնամիի նման իր խաղը պիտի խաղայ: Իսկ մարդկութիւնը պիտի տառապի եւ ելքի միջոց մը իսկ պիտի չկարենայ գտնել, մինչեւ որ «Սեւ Կարապ» ի գոյութեան կարելիութիւնը նկատի առնէ: