*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Արեւոտ պայծառ օր մըն էր, սովորութեանս համաձայն որոշեցի այցելութիւն մը տալ մեր տաներէց քահանայ հօր, որուն հետ մօտիկ բարեկամական յարաբերութիւն ունիմ: Սովորական ողջոյնէ եւ բարեւ-Աստուծոյ բարինէն ետք ան հարցուց ինծի.
- Լսեցի՞ր պատահածը:
- Ի՞նչ պատահած է տէր հայր, հարցուցի:
- Հայ ոսկերիչ մը շուկայէն $ 000.000 առած եւ փախած է:
- Ինչպէ՞ս առած է…։
- Խաբած է իր յաճախորդները, նոյնիսկ իր խեղճ պաշտօնեաները եւ բոլորէն $ 1.000.000 հաշուող ընդհանուր գումար մը հաւաքելով փախած է:
- Ցաւալի է տէր հայր, ճշմարիտ ըսած չէի լսած:
- Հայուն վայե՞լ է այս:
- Հայո՞ւն, տէր հայր… ոեւէ մարդ անհատի վայել չէ:
Ուրիշ ժամադրութիւններ ունենալուս պատճառաւ չերկարեցի այցելութիւնս, հրաժեշտ տուի եւ բաժնուեցայ: Բայց ամբողջ օրը չդադրեցայ լսածիս մասին մտածելէ: Տասնեակ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ խեղճ եւ հազիւ օրապահիկով ապրող պաշտօնեաներ, տնտեսական ծանր տագնապի մատնուած էին, պարզապէս որովհետեւ անձ մը որոշած էր՝ խաբէութեամբ իր գրպանը լեցուն եւ ապագան ապահով տեսնել:
Կէսօրուայ դադարին որոշեցի հանդիպիլ ոսկերիչ բարեկամի մը, որպէսզի յաւելեալ տեղեկութիւններ առնեմ իմ լսած սարսափելի լուրին մասին: Ըստ բարեկամիս ոչ միայն ճիշդ էր եղելութիւնը, այլ կողոպտուած հաշիւը նշուած գումարին կրկնապատիկն էր. այսինքն $ 2.000.000: Միթէ կարելի՞ էր: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ու ինչպիսի՞ խիղճով կարողացած էր խաբել այդքան մարդիկ եւ հաւաքել այդ մեծ գումարը: Շշմած, առանց ակնթարթի, անորոշին նայելով կեցած էի, երբ յանկարծ բարեկամիս ընդմիջումը սթափեցուց զիս.
- Ի՞նչ է , ո՞ւր գացիր:
- Չեմ գիտեր ինչ ըսեմ, կը մտածեմ այդ խեղճերուն մասին: Աստուած գիտէ միայն, թէ ներկայիս անոնք ինչե՜ր կ’ապրին:
- Դուն ալ հիմա տէր պապայի պէս մի խօսիր:
- Ի՞նչ…։
- Երանի իրեն։
- Որո՞ւն:
- Գողցողին. եթէ նման առիթ մը իմ ձեռքս ալ անցնի, ես ալ նոյնը եւ աւելին կ’ընեմ:
- Յայտնի եղաւ ան «պատուական»ը, որ միայն հայուն կը վայելէ:
- Ներկայիս ամէն մարդ այսպէս է. «չուտողին «մալ’ը ուրիշներ կ’ուտեն» կ’ըսեն, այդպէս չէ՞:
- Գիտես ինչ բան կը մխիթարէ զիս, որ այդպէս չէ. գոնէ խղճամիտ մարդիկ կան տակաւին: Արաբերէն արածը կ’ըսէ. «Եթէ աշխարհը լաւ մարդոցմէ պարպուի, կը կործանի»: Որովհետեւ տակաւին աշխարհը չէ կործանած եւ կանգուն կը մնայ՝ կը նշանակէ, որ դեռ կրնաս լաւն ու բարին գտնել:
Մելամաղձոտ տրամայ մըն է Լիբանանի, այլեւ աշխարհի վիճակը: Երբ որեւէ գործ մը ունենաս ոեւէ անձի մը հետ, հազար հաշիւ պէտք է ընես եւ գայլի նման զգոյշ ու արթուն ըլլաս, այլապէս շուտով դուն քեզ կողոպտուած կրնաս գտնել:
Վերոյիշեալ դէպքը յիշեցուց ինծի տարիներ առաջ հայկական ռատիոկայանի մը եթերէն սփռուած յայտագիր մը: Ուրեմն հարցը հետեւեալն էր. ըստ ատենի լիբանանեան լրատուական աղբիւրներու տեղեկութիւններու՝ կը լսուէին, որ թմրեցուցիչի գործածութիւնը յառաջադիմած է Լիբանանի մէջ եւ որու միշտ ըստ նոյն լրատուական աղբիւրներու, անոր ռահվիրան հայ երիտասարդութիւնն էր: Թէ որքանով վստահելի էին տեղեկութիւնները, այդ այլ հարց է: Սակայն մեր ռատիոկայանի խօսնակը նշուած հարցը շատ տարօրինակ ձեւով քննարկեց: «Ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ հայ երիտասարդները թմրեցուցիչ գործածեն» բացականչութեամբ, ան սկսաւ յայտագիրը: «Եղեր բանտերը հայ երիտասարդներով լեցուն են. թող ըլլայ: Հայն ալ մարդ է», շարունակեց ան: Կատակ չէ սիրելիներ, բառացի մէջբերում է, որ կ’ընեմ: Նոյն «լայնախոհ» անձը այլ յայտագիրներով հայութեան վայել բարոյական դասեր ալ կու տար: Հիմա եկուր եւ հաշտեցուր այս մարդուն «բարոյագիտութիւն»ն ու «ինչ կ’ըլլայ»ն…: Այս խօսնակը որքանո՞վ տարբեր է մեր վերի պատմութեան գող հերոսէն:
Այո, Պարոյր Սեւակին կը միանամ ըսելով՝ «մենք մեզ ոչ ոքից չենք գերադասում… », բայց հպարտանալ մեր սխալներով, «սա ուրիշ բան ա «: