Նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 21-ին ստորագրած է հրամանագիր՝ ԼՂՀ նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծելու մասին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` նախագահը որոշում կայացուցած է մեկնելով իրաւունքի գերակայութեան եւ ժողովրդաիշխանութեան սկզբունքներու իրացման կառուցակարգերը բարելաւելու, իշխանութեան ճիւղերու լիազօրութիւններու հաւասարակշռումը կատարելագործելու, հանրային կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութենէն ու հաշուի առնելով ԼՂՀ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու եւ արտախորհրդարանական շարք մը քաղաքական ուժերու առաջարկը, ինչպէս նաեւ ղեկավարուելով ԼՂՀ Սահմանադրութեան 68-րդ յօդուածի 10-րդ կէտով:
Հրամանագիրով հաստատուած է յանձնաժողովի անհատական կազմը` ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ:
Հրամանագրին համաձայն մասնագիտական յանձնաժողովին յանձնարարուած է մինչեւ 2016 թուականի Մայիս 1-ը, նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը եւ հայեցակարգին հաւանութիւն տրուելէ ետք` մինչեւ 2016 թուականի Սեպտեմբեր 10, մշակել եւ նախագահին ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը: