Երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ, Հայաստանը Մարտ 21-ին պիտի միանայ Gout de France / Good France ձեռնարկին, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Ֆրանսայի համը»:
Ըստ Panorama.am-ի՝ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանդիէն ըսած է, որ ձեռնարկը նպատակ ունի արժանին մատուցելու ֆրանսական խոհանոցին, անոր նորարարական հնարաւորութիւններուն եւ այն արժէքներուն, որ ան կը տարածէ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ գլխաւոր խոհարար Ալէն Տիւգասի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը, այս տարի պիտի համախմբէ 5 ցամաքամասերու աւելի քան 1500 աւագ խոհարարներ` տօնելու ֆրանսական խորտկագիտական արուեստը: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մէջ այդ օրը պիտի կազմակերպուի կալա ընթրիք: Ըստ դեսպանին պիտի հրաւիրուին պաշտօնատար անձեր: Բացի այդ Հայաստանի մէջ ձեռնարկին պիտի միանան 7 ճաշարաններ (երեւանեան 6 ճաշարաններ եւ 1 ճաշարան Գիւմրիէն), որոնք պիտի առաջարկեն ֆրանսական ճաշացանկ: ՀՀ-ի մէջ ձեռնարկը պիտի ընթանայ Մարտ 21-27ին:
Դեսպանը ըսած է, որ Մարտ 21-ին աշխարհի վրայ ամէն տեղ նոյն ժամուն, եթէ ի հարկէ ժամային գօտիները թոյլ տան, Ֆրանսայի դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն մէջ պիտի մատուցուի աւանդական ընթրիք:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս Մարտ 22-ին Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ, պիտի ներկայացուի «Ելիսէյեան (Էլիզէի) պալատի համադամ ուտեստները» շարժանկարը (մուտքը ազատ է, շարժանկարը պիտի ցուցադրուի ռուսերէն թարգմանութեամբ): Ներշնչուած Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի նախկին խոհարար Դանիէլ Մազէ-Տելպէոշի կեանքի պատմութեամբ, այս շարժանկարը հանդիսատեսը կը տանի Ելիսէյեան պալատի խոհանոցի քուլիսներ: