Հայաստանի եւ Կիպրոսի հանրապետութիւններու միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յարակից այգիին մէջ տեղադրուեցաւ՝ Հին Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։
Խաչքարի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան երկու երկիրներու նախագահները: Արարողութեան մասնակցեցան ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ու Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Գոսդաս Գատիսը:
Խաչքարի տեղադրման առաջարկը ներկայացուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեամբ` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան խնդրանքով:
Խաչքարը կը թուագրուի 1598 թուականով, գոյնը` բաց կարմրաւուն: Ջուղայի խաչքարերը 15-17-րդ դարերու խաչքարային մշակոյթի պատկերագրական, ոճական ու իմաստաբանական առումով խիստ եզակի երեւոյթ էին:
Տեղադրուող կրկնօրինակի հեղինակը անուանի վարպետ, խաչքարագործութեան մշակոյթի իւրայատուկ դպրոցի հիմնադիրներէն Ռուբէն Նալպանտեանն է:
Յիշեցնենք, որ 2010 թուականին «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» Հայաստանի Հանրապետութեան յայտը ընդգրկուեցաւ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: