Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Զօրավար Անդրանիկ՝ Ծանօթ եւ Անծանօթ Հերոսապետը» Մտերմիկ Լսարան ՌԱԿ Պայքար Ակումբին Մէջ

ՌԱԿ Պայքար ակումբի վարչութեան նախաձեռութեամբ, իր տեսակին մէջ մտերմիկ լսարան մը կազմակերպուեցաւ նուիրուած Զօրավար Անդրանիկին:

Արդարեւ երէկ՝ Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2016ի  երեկոյեան ժամը 8:00ին, ՌԱԿ Պայքար ակումբին մէջ «Զօրավար Անդրանիկ՝ Ծանօթ եւ Անծանօթ Հերոսապետը» նիւթով լսարան մը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատասխանատու ընկերներու, ՌԱԿ Պայքար ակումբի ընկերներու, քոյր ակումբներու պատասխանատուներու եւ Անդրանիկ Զօրավարը բարձր գնահատող ներկաներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկեր Կարօ Յակոբեան (խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային):

Ապա բեմը յանձնուեցաւ Հայրենիքէն յատուկ ժամանած Պրն. Կարօ Վարդանեանին (տնօրէն՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի), որ շատ հաճելի ու դիւրամատչելի ոճով ներկայացուց մեծ Զօրավարը (խօսքէն կարեւոր մէջբերումներ կու տանք հետագային):

Կարօ Վարդանեան իր խօսքէն ետք ներկաներուն առիթ ընծայեց իրենց հարցումները ուղղելու, որոնց տուաւ լրացուցիչ պատասխաններ:

Աւարտին ՌԱԿ Պայքար ակումբի ատենապետ ընկեր Վահան Գրիգորեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան համար, անոնց հրաւիրելով կոկիկ հիւրասիրութեան մը շուրջ յաւելեալ զրոյցի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին