Նախօրէին Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին կից գործող՝ «Արցախի բալիկներ» եւ «Արցախի փոքրիկ երգիչներ» խումբերու սաները, համերգային ծրագիրով հանդէս եկած են Պաշտպանութեան բանակի հեռաւոր 2 զօրամասերու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։
Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) հրամանատարութեան, Շարլ Ազնաւորի անուան մշակոյթի կեդրոնի եւ ԼՂՀ անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած համերգին, խումբերու սաներն ու անհատ կատարողներ հանդէս եկած են հայրենասիրական երգերով եւ ազգագրական պարերով, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած են հանդիսատես զինուորներու կողմէ եւ անոնք ինքնաբուխ կերպով միացած են պարային կատարումներուն:
Բացի այդ համերգի կազմակերպիչները զինուորներուն համար տարած են քաղցրաւենիքներ: Շարլ Ազնաւորի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեանի խօսքով, առանձնապէս տպաւորիչ եղած է զինուորներուն մասնակցութիւնը ազգագրական պարերուն, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցած են նաեւ «Բերդ» պար:
«Մեր գլխաւոր նպատակը եղած է եւ կը մնայ բանակ-հասարակութիւն ամուր կապին մշակութային ջերմութիւն հաղորդելը, իսկ զինուորներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը մեր համոյթներու երգ ու պարերուն, կը կարծեմ կը վկայէ, որ ծրագիրը նպատակին կը ծառայէ», ըսած է Ա. Յովսէփեան:
Նշենք, որ համերգէն ետք խումբին փոքրիկներն ու անոնց ուղեկցողները, զօրմասին մէջ հիւրասիրուած են զինուորական ճաշով: