Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Անոյշ Նագգաշեան Հայաստան Բերած Է Խրիմեան Հայրիկի Բացառիկ Ձեռագիրը

Սփիւռքահայ բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեան վերջերս գտած է Խրիմեան Հայրիկի անտիպ չափածոներէն մէկը: Հայաստան եկած է Հայրիկի ձեռագիրն ու ատոր հետ յայտնաբերուած լուսանկարները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցելու:

Խրիմեան Հայրիկը զայն վերնագրած է «Թագաւորաց ժողով»: Ենթադրաբար խօսքը Պերլինի յայտնի վեհաժողովի մասին է:

Ձեռագիրը եւ Խրիմեան Հայրիկին այս լուսանկարն ու հայ որբերու երկու այլ լուսանկարներ, Անոյշ Նագգաշեանին փոխանցած է Անգլիա բնակող մեր հայրենակից Աբրահամ Մնացականեանը: Անոր բարեկամները 40 տարի առաջ  հայ ընտանիքէ մը տուն  վարձակալած են, անոնցմէ գնած են նաեւ գրասեղան մը, որուն գաղտնի դարակին մէջ Աբրահամ Մնացականեանի դուստրը վերջերս յայտնաբերած է հոն պահուած ձեռագիրն ու լուսանկարները:

Մայր Աթոռի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մատենադարանի գրատան մէջ, Մարտի վերջը հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս պիտի բացուի, որու ընթացքին իբրեւ բացառիկ նմուշ, պիտի ցուցադրուի նաեւ Խրիմեան Հայրիկի այս ձեռագիրը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին