Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Սիսէն յԱնթիլիաս Ուխտի Օրով Պսակուած

Համադրեց՝ ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ

« Ես կրնամ Հայաստանէն հեռու ըլլալ , բայց Հայաստանը միշտ իմ սրտի մէջ կը մնայ » Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:

Հայրենիքը ՝ այն աշխարհագրական տարածքն է , ուր անհատ մը կամ անհատներու հաւաքականութիւն մը կրնայ ազատօրէն ապրիլ՝ մտածել եւ խօսիլ, ստեղծագործել  եւ պաշտել , իր ուրոյն մշակոյթը ունենալ: Կիլիկեան եղած է մեր՝ հայերուս հայրենիքը: Թէեւ թուրքին բռնագրաւման ներքեւ , հայը միշտ եղած է ըմբոստ , եւ արեան գինով պայքարելով , պահած է իր « Հայրենիքը » : Ի վերջոյ թուրքը յանձնուելով այն իրականութեան , որ ինք պիտի չկարողանայ հակակշռի տակ պահել այս հպարտժողովուրդը , որոշեց չարդել եւ արմատախիլ ընել զայն իր արմատներէն : Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ալ իր բաժինը ունեցաւ այս աղէտէն: Բայց շնորհիւ մեր մեծ հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ կաթողիկոս Խապայանի, Անթիլիասի մէջ նոր « Կիլիկիա » մը հիմնուեցաւ, որու շնորհիւ դարձեալ հայը պիտի շնչէր եւ ապրէր հայաբար եւ քրիստոնէականօրէն : Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ նոր « Հայրենիքի » հիմնումի պատմութիւնը:

***

Ափսոսալի հարց է, թէ հայեր ինչո՞ւ չկարողացան պահել Կիլիկիան: Ինչո՞ւ Ֆրանսայի հետ կերպ մը գտնելով ու բնակակից թուրքերուն հետ համագործակցութեան դրութիւն մը պահելով, հայեր չկարենային հաստատել Կիլիկիոյ մէջ իրենց հայրենի տունը, զայն անթափանցելի դարձնելով Քեմալական շարժումին, ինչպէս կրցան ընել նոյն Օսմանեան կայսրութենէն բաժնուած արաբական հողամասերը, մանաւանդ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ՝ իրարու լծակից պահելով բնակչութեան քրիստոնեայ եւ իսլամ բոլոր տարրերը:

Պատասխանատուութիւնը միայն թուրքին կողմը նետել, կամ Անգլիոյ ու Ֆրանսայի թաքուն մրցակցութեանց կապել՝ չի բացատրեր տարօրինակ այդ ձախողանքը: Մենք՝ հայերս ալ պատասխանատուութեան ծանր բաժին ունինք Կիլիկիոյ կորուստին մէջ, ազգովին մեր գործած սխալներով:

Պոլսոյ եւ Իզմիրի մեծահարուստ ու կազմակերպեալ հայութիւնն ալ, քաղաքական հայեացքով չէ հետաքրքրուած Կիլիկիոյ կացութեամբ ու կարելիութիւններով, գոնէ հարկ եղած չափով: Մինչդեռ Կիլիկիոյ ազատագրումէն անմիջապէս ետք հարկ էր, որ Պոլսոյ եւ Իզմիրի ու նաեւ Եգիպտոսի հայութիւնը իրենց տնտեսական եւ քաղաքական ու մտաւորական լաւագոյն ուժերը հոն կեդրոնացնէին, կարենալու համար Կիլիկիան ամրապարիսպ ու բարգաւաճ հայրենիքի մը վերածել:

Ամէն պարագայի Կիլիկիոյ պարպումով պիտի կորսուէր արեւմտահայութեան մեծագոյն առիթը՝ հինգ դարերէ ի վեր սպասող պատմական Ռուբինեան պետականութիւնը վերականգնելու, լայնաղեղեան Հայկ Պապուն թոռներուն տալու համար զոյգ թեւերով տարածուած Հայաստանը, մին Արարատով եւ միւսը Տաւրոսեան լեռներով պարսպուած:

Ֆրանքլէն Պույեոն ստորագրած դաշինքով համաձայներ էր, որ ֆրանսացիները Կիլիկիան Քեմալականներու փոխանցէին երկու ամիսներու կարճ միջոցին, մինչեւ 1921 Դեկտեմբերի վերջը:

***

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Խապայեան վեհափառ պատերազմի վաղորդայնին թողուցած Աթոռը՝ կը մեկնի Ատանա, տեղական կառավարութեան մօտ անձամբ կատարելու իր ազդու դիմումները՝ այն յոյսով, թէ պիտի կրնայ իր հօտին համար կեդրոնէն հասած հայաջնջումի հրամանները մասամբ մեղմացնել: Դժբախտաբար տեղահանութիւնը հետզհետէ կը ստանար աւելի մեծ համեմատութիւններ եւ ալեզարդ հայրապետը այլեւս յուսահատ՝ կառավարութեան մօտ կատարած իր կրկնակի դիմումներուն անհետեւանք մնալէ, կ’երթայ Հալէպ՝ գաղթականաց կեդրոն քաղաքը, ուր հետզհետէ կը հասնին մեծ Հայաստանէն, Կիլիկիայէն, Պոլսոյ եւ շրջանակներէն տեղահանուած հայերու հսկայ կարաւաններ:

1915 Սեպտեմբեր 3-ին կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Եղիշէ Արք. Կարոյեան, Սսոյ կառավարիչին քովէն վանք վերադարձին,  կը բերէ տարագրութեան մահաբոյր գոյժը, ըստ որում տասն օր պայմանաժամ տրուած էր միաբանութեան՝ երթալու համար Հալէպ: Պոլսէն հասած սոյն հրամանը վերջնական ըլլալով, տրուած պայմանաժամի միջոցին գիշեր-ցերեկ չարաչար աշխատելով, Սսոյ ութդարեան պատմական Աթոռին թանկարժէք անօթներն ու ծանրագին զգեստները, ինչպէս նաեւ հին գիրքերը՝ մասնաւոր պատրաստուած սնտուկներու մէջ տեղաւորելու հոգեմաշ գործով եւ վանքի գոյքերէն կարեւոր մաս մըն ալ բեռներով միաբանները կը սպասէին մեկնումի հրամանին: 13 Սեպտեմբեր՝ Խաչվերացի կիրակին, լաց ու կոծի պատմական օր մը կ’ըլլայ թէ՛ միաբանութեան եւ թէ ալ Սսոյ մէջ մնացող ափ մը հայութեան համար: Վերջին մնաք բարովի լալագին համբոյր մը եւս տալով Մայր Տաճարի սրբատաշ քարերուն, միաբանները կը մեկնին անդարձ, բարբարոս ձեռքերուն յանձնելով երջանկայիշատակ Կիրակոս Մեծագործ կաթողիկոսի օրով շինուած՝ Սսոյ բազմադարեան Աթոռի հոյակապ մայրավանքը, իր վեհաշուք կաթողիկոսարանով եւ յարակից բոլոր շէնքերով:

Սիսէն Հալէպ ճամբորդութիւնը կը տեւէ 23 օրեր: Հակառակ ճամբու ընթացքին պատահած մէկէ աւելի արկածներու, ձախորդութեանց եւ յարձակումներու, Տիրոջ օգնութեամբ վանքի հարստութիւնները կը հասնին Հալէպ, անվնաս եւ անկորուստ ու կը յանձնուին Սահակ վեհափառ կաթողիկոսին:

***

Գաղթացրիւ հայութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի, նաեւ Կիպրոսի, Պաղեստինի ու այլ շրջակայ երկիրներու մէջ ազգահաւաքի ու վերակազմութեան իրագործումը, դարձեալ պիտի կատարուէր ազգին պատմական ու սահմանադրական կեդրոնական հաստատութիւնը եղող՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելով վարչական ուժը, որովհետեւ տուեալ իրաւակարգը այս էր, որ նորակազմ այս երկիրներու օրէնքները կը շարունակէին ճանչնալ ըստ միջազգային դաշնագրութեանց՝ նախկին Օսմանեան կայսրութեան օրով  հաստատուած համայնքային դրութիւնը, իւրաքանչիւր համայնքին՝ քրիստոնեայ թէ իսլամ կամ այլազգ, թոյլատրելով իր ներքին վարչակարգը՝ անձնական իրաւանց եւ դատավարական կանոններու վերաբերմամբ՝ մանաւանդ, որ այդ կարգով հայոց վերաբերեալ 1863ի Ազգային Սահմանադրութիւնը կը մնար ի զօրու, հայակեդրոն այս գաղութներու մէջ:

***

Սահակ կաթողիկոս 80 տարիքը լրացուցած էր, երբ 1928ի ամառը իրեն «Աթոռակից եւ Յաջորդ» կ’ընտրէ Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեան, իրմէ 20 տարի աւելի երիտասարդ: Ապա կը փափաքի կաթողիկոսանիստ վայր մը ունենալ: Աչքերը կը բարձրացնէ եւ կը տեսնէ Պէյրութի արուարձան գտնուող՝ Անթիլիասի ծովեզերեայ շրջանի մէջ հիմնուած հայ որբանոցը: Կը ցանկայ այդ որբանոցը կաթողիկոսարանի վերածել, որովհետեւ ցիրուցան եղած հայ ազգը կարիք ունէր հոգեւոր եւ մտաւոր մշակներու:  Ան բառացիօրէն դառն պայքար կը մղէ տարբեր ճակատներու դէմ: Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի փափաքն էր, որ կաթողիկոսարանը հաստատուի Հալէպ. այս մէկ կողմէն: Միւս կողմէ ամերիկեան Րըլիֆ բարեսիրական կազմակերպութիւնը, չէր ուզեր ծախել Անթիլիասի որբանոցը: Երկար եւ ծանր պայքարէ ետք, ի վերջոյ ծերունազարդ կաթողիկոսը կը յաջողի, որ առաջին հերթին հինգ տարուայ շրջանի մը համար ստանձնէ՝ Անթիլիասի որբանոցի կառավարութիւնը, հոն հիմնելով հոգեւոր ճեմարան մը, հովիւներ պատրաստելու նպատակաւ: Ապա Անթիլիաս պիտի դառնար հայոց կաթողիկոսութեան դարաւոր շրջագայութեան 11րդ վերջնական վայրը:

  • Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Կաթողիկոսական Ս. Աթոռը, 303ին հաստատուած Ս. Էջմիածին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրերուն, Մեծ Հայքէն Փոքր Հայք եւ ապա Կիլիկիա փոխադրուելով, հոն մնացած էր 1062 – 1441, 379 տարիներ:
  • Ընդհանրական Հայրապետութեան Ս. Աթոռը Ս. Էջմիածնի մէջ վերահաստատուելէ ետք, Կիլիկիոյ Աթոռը շարունակած է մնալ Սիսի մէջ, 1441-1921, 480 տարիներ:
  • Արդ 379 + 480 = 859 տարիներ Ս. Աթոռը Կիլիկիա մնալէ ետք, 1921ին կը փոխադրուի Սուրիա-Լիբանան եւ 9 տարիներու թափառումներէ յետոյ, իր կայքը կը գտնէ Անթիլիասի մէջ 1930ին, Փոքր Հայք եւ Կիլիկիա փոխադրութենէն 868 տարիներ յետոյ:

Կամ իբրեւ Կիլիկիոյ աթոռ 1441 -1930, 589 տարիներ:

***

Սահակ Կաթողիկոս եւ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս, Անթիլիասի մէջ կաթողիկոսարանի վերակազմութեան տարիներուն, կոնդակով հաստատեցին կարգ մը տարեկան տօնակատարութեանց օրեր, որոնք այնուհետեւ տարուէ տարի կրկնուելով ժողովրդային աւանդութիւն դարձան եւ մաս կազմեցին Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, որոնցմէ մէկն է Անթիլիասի Ուխտի Օրը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի Վիրապամուտի տօնին: 1931ի գարունէն ի վեր, տարեկան մեծագոյն ժողովրդային տօներէն մէկը եղաւ Ս. Զատիկէն երկու շաբաթ առաջ պատահող՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Վիրապամուտի տօնին, Սահակ կաթողիկոսի կոնդակով հաստատուած Անթիլիասի Ուխտի Օրը: Վիրապամուտի տօնը շաբաթ օրուայ ժողովուրդին դիւրութիւն տալու համար, բուն ուխտագնացութեան օրը հռչակուեցաւ անմիջապէս յաջորդող Կիրակին: Շաբաթ երեկոյ արդէն բարեպաշտ ժողովուրդը կը հաւաքուի եկեղեցին, աղօթքը կատարելու համար եւ ուխտով ոմանք գիշերը կը մնան եկեղեցւոյ ու վանքին մէջ: Իսկ Կիրակի օր թափօր-թափօր, շատեր հետիոտն, ոմանք իրենց ուխտին համեմատ՝ նոյնիսկ ամբողջ ճամբու երկայնքին «Հայր Մեր» ու «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթելով, քալելով Պէյրութէն եւ արուարձաններէն կը փութան կաթողիկոսարանի եկեղեցին ու շրջափակը:

***

Սիրելի Սահակ վեհափառ, հայ ազգը որքան պարտական է Ձեզի: Հակառակ Ձեր յառաջացած տարիքին, չխնայելով Ձեր անձն ու հանգիստը, ամէն ջանք ի գործ դրիք եւ չհանգչեցաք, մինչեւ որ դարաւոր կաթողիկոսական աթոռը անգամ մը եւս հաստատուած տենէք Պէյրութի Անթիլիաս արուարձանին մէջ: Պատմութիւնը Ձեր անունը ոսկեայ տառերով պիտի գրէ: Բայց դժբախտաբար Ձեր ժողովուրդին յիշողութեան եւ կեանքին մէջ նոյնանման արժէքով չէք նշուիր: Ներեցէքէ մեզի:

Լիբանանցի հայորդիք, ձեր ուխտերը ընդունելի ըլլան: Այս առթիւ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք կիլիկեան դարաւոր աթոռի վերահաստատողն ու անոր ուխտի օրը հիմնողը՝  երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսը:

2

***

Աղբիւր՝ Բիւզանդ Եղիայեան,
«Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան
Հայոց Կիլիկիոյ 1914 – 1972», Անթիլիաս 1975

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին