Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Սթամպուլի Մէջ Գաղտնի Փաստաթուղթ Մը Բացայայտուած Է Տինքը 1990ականներէն Հետապնդելու Մասին

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան թղթածրար մտած փաստաթուղթերը, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն իրականացած ոճիրի կողքին պետութեան, մասնաւորաբար ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան գործողութիւններուն վերաբերեալ: Գործի քննութեան ծիրէն ներս յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որմով պարզուած է, թէ ինչո՛ւ Տինքին երկար տարիներ անձնագիր չէ տրամադրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը:

«Ակօս»ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք շատ եր­կար տա­րիներ անցա­գիր չէր ունեցած։ Իր դի­մումնե­րը մեր­ժո­ւած էին շուրջ 25 տա­րիներ։ 1997ի պատ­կա­նող եւ «գաղտնի» նշա­նակո­ւած այդ փաս­տա­թուղթի մէջ բա­ցի Հրանդ Տին­քէն, մեկ­նա­բանու­թիւններ կային նաեւ այդ ժա­մանակ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեանի հասցէին։ «Ֆրադ Տինք անուն ան­ձը մեր կող­մէ կը հե­տապնդո­ւի իր հա­յան­պաստ գոր­ծունէու­թեան պատ­ճա­ռով։ Հա­յերու կող­մէ հրա­տարա­կուած «Ակօս» թեր­թի խմբա­գիրն է եւ սերտ յա­րաբե­րու­թիւն ու­նի հայ­կա­կան ազգայնական հա­կումնե­րով ծա­նօթ Պատ­րիար­քա­րանի Փո­խանորդ Մես­րոպ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մու­թա­ֆեանի հետ»։

Միւս կող­մէ դար­ձեալ փաս­տա­թուղթե­րով յայտնի կը դառ­նայ, թէ պե­տու­թիւնը հե­տաքրքրո­ւած է Տին­քի ոճ­րա­գործ Օկիւն Սա­մաս­թի եւ ոճի­րի պա­տուի­րատու Եասին Հա­յալի ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թիւնով։ Անվտան­գութեան Ընդհա­նուր Տնօ­րէնութեան Լրա­քաղու­թեան Բաժ­ինի կող­մէ ուղար­կո­ւած բա­ցատ­րութեան մէջ յստա­կօրէն կը նշուի, թէ Կիւ­միւշհա­նէ քա­ղաքի Տէ­միրէօրէն գիւ­ղի բնա­կիչ ար­ձա­նագ­րո­ւած Պա­հատ­տին- Հու­րիի որ­դի, 1981-ին Տրա­պիզոն ծնած Եասին Հա­յալի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը հե­տախու­զո­ւած է մին­չեւ 1904 թո­ւական եւ տես­նո­ւած է, թէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն մէջ կրօ­նափո­խու­թիւն կամ ոչ իս­լամ պատ­կա­նելու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Նմա­նապէս Տրա­պիզո­նի Տիւզգէօյ գա­ւառի Չալ­գէօյ գիւ­ղի տո­մարին ար­ձա­նագ­րո­ւած Ահ­մէտ-Նավ­վա­յի որ­դի, 1990-ին Սկիւտար ծնած Օկիւն Սա­մաս­թի ար­ձա­նագ­րութի­ւնը հե­տախու­զո­ւած է մին­չեւ 1899 թո­ւական եւ տես­նո­ւած է, թէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն մէջ կրօ­նափո­խու­թիւն կամ ոչ իս­լամ պատ­կա­նելու­թիւն մը գոյութիւն չունի։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին