Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Երկամսեակի Մեկնարկը Հայաստանի Մէջ

Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս Հայաստանի մէջ Մարտ 20-ին պիտի նշուի՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

2016-ին Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակին առնչութեամբ՝ շուրջ երկու ամիս շարունակ` Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին, Երեւանի եւ Հայաստանի շարք մը մարզերու մէջ տեղի պիտի ունենան՝ շուրջ 600 ֆրանսախօս երկիրներու մշակութային, համալսարանական եւ հանրակրթական ձեռնարկներ: Ասիկա բացառիկ ցուցանիշ է, որ երբեւէ արձանագրուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրուան առնչութեամբ կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Ձեռնարկներ պիտի իրականանան շարք մը թանգարաններու, գրադարաններու, համալսարաններու, հանրակրթական, արուեստի ու երաժշտական դպրոցներու մէջ` ներգրաւելով նաեւ երիտասարդութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ համակարգուող, ֆրանսախօս երկիրներու այս մեծ իրադարձութեան կազմակերպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են ՀՀ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմինները եւ Հայաստանի համայնքներու միութիւնը:

Հարկ է նաեւ նշել, որ երկամսեակի յագեցած ծրագիրի ապահովման գործին մէջ, իրենց զգալի ներգրաւուածութիւնը ունեցած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ երկիրներու, մասնաւորաբար Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Գանատայի եւ Լիթվիայի դեսպանութիւնները` կազմակերպելով այս առիթով բազմազան ձեռնարկներ:

Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակի ծիրէն ներս կայանալիք ձեռնարկներու ամբողջական ծրագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով` Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու երկամսեակի ծրագիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին