Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Սրբոց Նահատակաց Թանգարանը. BBC-ն Անդրադարձած է Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցւոյ Պատմութեան

Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ 25 տարի առաջ եկեղեցի կառուցուեցաւ` նուիրուած 1915-ի կոտորածներու ժամանակ նահատակուած հայերուն: Ճակատագիրի հեգնանքով բռնութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած կոթողը, այժմ կը կործանի ռմբակոծութեան հետեւանքով», ըստ Tert.am-ի BBC հեռուստաընկերութիւնը յօդուած հրապարակած է` ներկայացնելով Սուրիոյ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Յօդուածագիրը կը նկարագրէ եկեղեցւոյ կեդրոնը գտնուող դամբարան-սրբավայրը, որ կը ներկայացնէ աւազով պատուած թումբ, որուն գագաթը տեղադրուած են մարդկային մնացորդներ:

«Ես ցնցուած էի տեսնելով ոսկորները: Անոնք չեն ստիպեր քեզ սգալ կամ լալ, այլ կը ստիպեն խորասուզուիլ միտքերու մէջ` պարզ, արժանաւոր ու ազնիւ», աղբիւրը մէջբերած է բրիտանահայ գրող Նուրիցա Մաթոսեանի խօսքերը, որ եկեղեցի այցելած էր 2001-ին: Մաթոսեանի նախնիները  նահատակուած են 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան ժամանակ:

«Տարիներու ընթացքին Տէր Զօրը «մեծ ուխտատեղի դարձած է հայերու համար, բայց Հայ նահատակներու յուշարձանը քառորդ դարէն ալ քիչ մնաց կանգուն: 2014-ին անիկա պայթեցուեցաւ «Իսլամական պետութեան» եւ «ալ-Քաիտա»-ի կից «ալ-Նուսրա ճակատ» խմբաւորումներուն միջեւ ռմբակոծութեան հետեւանքով», կ՛անդրադառնայ յօդուածագիրը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն առաջ, Սուրիոյ մէջ կը բնակէին 100.000 հայեր, որոնցմէ շատերը տեղահանութիւններու ենթարկուածներու ժառանգներ էին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին