*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջին օրերուն ընկերային համացանցի էջերուն վրայ տարածուեցաւ այս լուսանկարը, որուն մէջ կ՛երեւին միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան անդամներ՝ Սուրիա-Յորդանան անապատային սահամնին վրայ, ուր հանդիպած են փոքրիկի մը, որ տոպրակ մը շալկած կը քալէր…:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան անոր մասին: Սակայն անկախ անկէ, մեզի կը մնայ մտածել ու ցաւիլ, որ մինչեւ ե՞րբ փոքրիկները պիտի վճարեն մեծահասակներուն վէճերուն, կռիւներուն թէ պատերազմներուն գինը…:
Իսկ իբր հայ այս լուսանկարը ինչքան մեզի կը յուզէ, յիշեցնելով մեր տեսած արդէն հարիւր տարիներ առաջուան սոված ու կիսամերկ հայ փոքրիկներու լուսանկարները՝ Սուրիոյ անապատին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն…։
Միշտ մեծերուն ստեղծած տառապեցնող նոյն ցաւը։