Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Գիտական Շաբաթ

ՌՈՊԵՐԹ  ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

«Գիտական միտքերու հանդիպում», ահա այսպիսի խորագիրով ամէն տարի Սրբոց Նահատակաց Ազգային Վարժարանի (ՍՆԱՎ) մէջ կը կայանայ «Գիտական շաբաթ», որուն կը մասնակցին 10-12 տարեկան աշակերտներ։ «Գիտական միտքերու հանդիպում»ը կը կազմակերպենք, որպէսզի մեր երախաներու երեւակայութիւնն ու միտքը աւելի զարգացնենք գիտական աշխարհի վերաբերեալ։ Անոնք կը սորվին եւ կ՛ուսումնասիրեն անցեալ ու ներկայ գիտնականներու մասին։ Կը քաջալերենք մեր բոլոր աշակերտները, որպէսզի սորվին եւ ուսումանասիրեն, մտածեն նաեւ հետաքրքրական նիւթերու շուրջ եւ ուսանելի փորձեր կատարեն, որոնք կ՛արժանանան մասնագէտներու ուշադրութեան։ Իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր արտօնագիրը, որուն համար իւրաքանչիւրը կրնայ կեդրոնանալ եւ բացատրել իր գիւտի ու անոր նշանակութեան մասին։ Պատահական չէ, որ իրենց անուանած ենք Սրբոց Նահատակաց Ազգային Վարժարանի «փոքրիկ գիտնականներ», ըսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեան։

«Գիտական շաբաթ»ին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ըկերութեան ճանչցուած անդամներ Յովհաննէս Մարտիրոսեանը, Արամ Սեթեանը եւ Դաւիթ Միքայէլեանը ու նուիրատու Վահան Թանալը։  Իւրաքանչիւր լաւագոյն գիտափորձի համար սահմանուած էին դրամական պարգեւներ։ Փրիաննա Թահմիզեանը արժանացաւ առաջին կարգի մրցանակի՝ $ 100,  Քարոլինա Կէոքճեանը եւ Դաւիթ Յովհաննէսեանը՝ $ 50: Այնուհետեւ ժիւրիի անդամները «Գիտական շաբաթ»ի մասնակիցներուն պարգեւատրեցին վկայագիրերով եւ գովասանագիրերով։ «Գիտական շաբաթ»ին մասնակցեցաւ նաեւ երիտասարդ մեքանիք-ճարտարապետ Յակոբ Պչագճեանը, որ հետաքրքրական փորձարկումներ կատարեց աշակերտներուն համար։

Լուսանկարները՝ հեղինակի

DSC_2992

DSC_3017

DSC_3019

DSC_3050

DSC_3104

DSC_3196

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին