Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սիրոյ Պատարագներ

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Իր մանրակազմ հասակով, կռնակը կուզ, դանդաղ քայլերով բեմ  բարձրացաւ խօսք առնելու: Առիթը՝ 1994ի Տարեկան Ազգային Աղօթքի Նախաճաշի օրը Ուաշինկթընի մէջ: Ներկայ էին նախագահ Պիլ Քլինթըն եւ առաջին տիկին Հիլըրին, փոխ նախագահ Ալ Կօր,  ինչպէս նաեւ 3000 մեծարգոյ հիւրեր: Խօսքի ընթացքին ան իր նայուածքները առաջին կարգի հրաւիրեալներուն ուղղելով ըսաւ, «կը զգամ, որ խաղաղութիւնը  քանդողը մեծագոյն իրականութիւնը վիժումն է: Անմեղ մանուկներու սպանդը. այդ ալ մայրերու կողմէ գործուած: Եթէ մեզի համար ընդունելի է, թէ մայր մը կրնայ սպաննել իր զաւակը, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները համոզել, որ չսպանեն զիրար»: Խիզախ բառեր:  Ո՞վ կրնար յանդգնիլ նման արտայայտութիւն մը ունենալ նախագահի, փոխ նախագահի եւ 3000 ջոջերու ներկայութեան, եթէ ոչ Մայր Թէրէզան:  Շատեր ընդվզած ուզեցին թողուլ սրահը. բայց ո՞վ կրնար համարձակիլ այդ քայլը առնելու, Մայր Թէրէզայի աղքատներու տածած անձնուրաց ծառայութեան դիմաց: Ան ցաւի բարեկամ եւ ցաւը ամոքող մայրապետ մըն էր: 1988ին երբ Հայաստանի հիւսիսային շրջանը աւերիչ երկրաշարժը զարկաւ, իր ետին թողելով զանգուածային վնասներ, փլուզումներ եւ զոհեր, Մայր Թէրէզան առաջիններէն եղաւ, որ իր քոյրերուն հետ անմիջապէս փութաց Հայաստան, երկրաշարժէն վերապրողներուն օգնելու: Կը փնտռէր աղքատն ու կարիքաւորը, եւ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կ’երթար, պարզապէս անոնց սիրոյ կարեկցող ձեռք մը երկարելու: Իր փնտռտուքը զինք տարաւ աշխարհի զանազան կողմերը, ուր հիմնելով օգնութեան տուներ, ան իր քոյրերու հետ հոգ կը տանէր ամենաաղքատին եւ լքուածին: Եէմէնն ալ այդ վայրերէն էր, ուր Մայր Թէրէզայի քոյրեր իրենց միաբանութիւնը հիմնողին՝ Մայր Թէրէզայի օրինակին հետեւելով, օգնութեան տուն հիմնած սիրոյ եւ կարեկցութեան ձեռք կ’երկարէին ամենաաղքատին ու լքուածին: Մի քանի օրեր առառ գոյժը առինք, թէ այս սիրոյ «հրեշտակներէն» չորսը սպաննուած են Եէմէնի մէջ: Լուրը անմիջապէս յարդի վրայ եղող կրակի նման տարածուեցաւ՝ լրատուական միջոցներու եւ համացանցի վրայ: Անհասկնալի գազանային արարք: Ի՞նչ էր այս քոյրերու յանցանքը, հարցուցին շատեր: Այսպէ՞ս կը փոխարինեն սիրով եւ կարեկցութեամբ երկարող ձեռքերուն, ըսին ուրիշներ: Կրնա՞ք տրամաբանական ամենափոքր պատճառ մը  գտնել այս ոճիրին մէջ:

Մարդ արարածը իր մարդկութենէն է որ կը պարպուի: Մեր շուրջն ալ կարելի է գտնել անասնանման արարածներ, որոնք մարդու կերպարանքով կը շրջագային: Գիտէք ի՞նչ, ամենամեծ հայհոյանքը, որ կրնաս ընել  մէկու մը՝ «դուն մարդ չես» ըսելն է անոր: Այս ոճիրը գործողները մարդիկ չեն: Շատ կը ներէք հայհոյանքիս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին