Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է հանրապետութեան կեդրոնական շրջանին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին:
ԼՂՀ նախագահի մամուլի գրասենեակի հաղորդած տեղեկութիւններով` Բակօ Սահակեանին ուղեկցած են պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: