Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

«Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Անց» Ուղեցոյցը INDIEFAB-ի Կողմէ Լաւագոյններէն Ճանչցուած Է

Ամերիկահայ գրող եւ լուսանկարիչ Մեթիւ Քարանեանի «Պատմական Հայաստանը 100 տարի Անց» ուղեցոյցը, INDIEFAB–ի 2015 թուականի «Տարուան Գիրք» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին յայտնուած է՝ ճանապարհորդական Գիրքերու Մրցոյթի եզրափակիչ փուլի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianweekly.com-ը։

2015ին տպագրուած գիրքը իր տեսակով առաջինն է՝ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային վայրերուն ծանօթացնող պատմական ուղեցոյց: Ան կ’ընդգրկէ 125 գունաւոր լուսանկարներ եւ քարտէզներ, որոնց մէկ մասը ունի մէկ դարու հնութիւն:

Մեթիւ Քարանեան , գիրքի լաւագոյններէն մէկը ճանչցուելուն առիթով, իր գոհունակութիւնը յայտնած է : «Պատմական Հայաստան» աշխատութիւնը հրատարակելու պատճառներէն մէկը եղած է, լուսաւորել պատմական Հայրենիքի մէջ հայերու` շատ յաճախ մոռացութեան մատնուած մշակութային ժառանգութիւնը», նշած է գիրքին հեղինակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին