Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Մեկնարկեց «Աւրորա» Մրցանակի Ու Հանրային Ռատիոյի Նախագիծը

Մարտ 10էն «Աւրորա» մրցանակն ու Հայաստանի Հանրային ռատիոն սկսան «Երախտագիտութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու անունէն» ձայնասփիւռի նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մետիամաքս»ը։

Անիկա Հանրային ռատիոյի եթերով պիտի սփռուի Երեքշաբթի (ժամը 17.12-ին) եւ Հինգշաբթի (ժամը 17. 27–ին) օրերուն: Հաղորդման կրկնութիւնը պիտի սփռուի Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ` համապատասխանաբար ժամը 11.12-ին եւ 11.27-ին:

Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք  «Աւրորա» համաշխարհային մրցանակի անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան ընդառաջ, ձայնասփիւռի նախագիծը պիտի ներկայացնէ նախաձեռնութեան նպատակն ու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու եւ անոնց փրկողներուն պատմութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին