Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Սթամպուլի Մէջ Գաղտնի Փաստաթուղթ Մը Բացայայտուած Է Հրանդ Տինքը 1990ականներէն Հետապնդելու Մասին

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան ոճիրով , դատավարութեան թղթածրար մտած փաստաթուղթերը, որոնք հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն իրագործուած ոճիրի կապակցութեամբ պետութեան, մասնաւորաբար ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան գործողութիւններուն ունեցած դերին վերաբերեալ: Գործի քննութեան ծիրէն ներս յայտնաբերուած է փաստաթուղթ մը, որմէ պարզուած է, թէ ինչո՛ւ Հրանդ Տինքին երկար տարիներ անձնագիր չէ տրամադրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը:

«Ակօս»ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք շատ եր­կար տա­րիներ անցա­գիր չէր ունեցած։ Իր դի­մումնե­րը մեր­ժո­ւած էին շուրջ 25 տա­րիներ։ 1997ի պատ­կա­նող եւ «գաղտնի» նշա­նակո­ւած այդ փաս­տա­թուղթի մէջ, բա­ցի Հրանդ Տին­քէն մեկ­նա­բանու­թիւններ կան նաեւ այդ ժա­մանակ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Մես­րոպ Արք. Մու­թա­ֆեանի հաս­ցէին։ «Հրադ Տինք անուն ան­ձը մեր կող­մէ կը հե­տապնդո­ւի իր հա­յան­պաստ գործունէութեան պատ­ճա­ռով։ Հա­յերու կող­մէ հրա­տարա­կուած «Ակօս» թեր­թի խմբա­գիրն է եւ սերտ յարաբե­րու­թիւն ու­նի՝ հայ­կա­կան ազ­գա­յնա­կան հա­կումնե­րով ծա­նօթ Պատ­րիար­քա­րանի Փո­խանորդ Մեսրոպ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մու­թա­ֆեանի հետ»։

Միւս կող­մէ դար­ձեալ փաս­տա­թուղթե­րով յայտնի կը դառ­նայ, թէ պե­տու­թիւնը հե­տաքրքրո­ւած է Տին­քի ոճրա­գործ Օկիւն Սա­մաս­թի եւ ոճի­րի պա­տուի­րատու Եասին Հա­յալի ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թիւններով։ Անվտան­գութեան Ընդհա­նուր Տնօ­րէնութեան Լրա­քաղու­թեան Բաժի­նի կող­մէ ուղար­կո­ւած բա­ցատ­րութեան մէջ յստա­կօրէն կը նշո­ւի, թէ Կիւ­միւշհա­նէ քա­ղաքի Տէ­միրէօրէն գիւ­ղի բնա­կիչ ար­ձա­նագ­րո­ւած՝ Պահատտին-Հու­րիի որ­դի, 1981ին Տրա­պիզոն ծնած Եասին Հա­յալի ար­ձա­նագ­րութիւ­նը հե­տախու­զո­ւած է , մին­չեւ 1904 թո­ւական եւ տես­նո­ւած է, թէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն մէջ կրօ­նափո­խու­թիւն կամ ոչ իս­լամ պատ­կա­նելիու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Նմա­նապէս Տրա­պիզո­նի Տիւզգէօյ գա­ւառի Չալ­գէօյ գիւ­ղի տո­մարին ար­ձա­նագ­րո­ւած Ահ­մէտ Նավ­վա­յի որ­դի, 1990ին Սկիւ­տար ծնած Օկիւն Սա­մաս­թի ար­ձա­նագ­րութի­ւնը հետախու­զո­ւած է մին­չեւ 1899 թո­ւական եւ տես­նո­ւած է, թէ ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րուն մէջ կրօ­նափո­խու­թիւն կամ ոչ իս­լամ պատ­կա­նելիու­թիւն մը գոյութիւն չունի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին