Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

«Լիբանա՜ն… Երկինքէն Կտոր մը»

*ՍԵՒԱԿ   ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

«Լիբանա՜ն… Երկինքէն Կտոր մը» կ՛երգէր լիբանանցի մեծ երգիչ Ուատիի Ալ Սաֆին:

Տեսէք վերի նկարին մէջ «Երկինքէն կտորի մը» տեսքը…:

Մինչ վերի նկարին տեսարանը կը կրկնուի Լիբանանի ամէն մէկ անկիւնին մէջ, տակաւին աղբի հարցին լուծումը ըստ երեւոյթին հեռու է իրականութիւն դառնալէ՝ հակառակ վերջին օրերու պատասխանատուներու խօսածներուն:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ոչ մէկ իրական յառաջխաղացք կայ մինչեւ այսօր՝ ինչ կը վերաբերի աղբերու հարցի լուծման հաստատելով, որ ան տակաւին հեռու է՝ ի բացակայութիւն լուծումի քաղաքական որոշումին…:

Աղբերու հարցը լուծելու համար ալ քաղաքակա՜ն լուծում պէտք է եղեր…:

Ուրեմն ի՞նչ է այս աղբային քաղաքականութիւնը, եթէ ոչ Լիբանանը գետնէ գետին զարնել համաշխարհայնօրէն… մինչեւ որոշուած նպատակի մը իրականացումը, որ յստակ է, թէ երկիրին ու ժողովուրդին ի նպաստ չի կրնար ըլլալ։

Իսկ Լիբանանի պատասխանատուները աղբերու հարցի լուծման քաղաքական որոշումին կը սպասեն… նախագահ ընտրելու հարցին հետ։ Եւ այս խայտառակութիւնը կ՛երկարի ի վնաս լիբանանցիին հոգեկանին ու ֆիզիքականին…։

Ամօթ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին