*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Դրամատիրական երկիրի մը մէջ, այլազան պատճառաբանութիւններով ժողովուրդը կեղեքելը շատ հեշտ եւ դժբախտաբար սովորական երեւոյթ մը դարձած է։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ կառավարութիւնը ազատ շուկայի պատրուակին տակ, ոչ մէկ ճնշում կրնայ բանեցնել մեծ ընկերութեանց վրայ։
Այդ ընկերութիւնները կ՛որոշեն իրենց ապրանքներու ծախու գիները, որոնք կը տարուբերին օրն ի բուն եւ վայրէ վայր, ըստ իրենց կամայական դատողութեան։ Նկատի առէք ինքնաշարժի վառելանիւթը, ծխախոտը եւ կամ ոգելից ըմպելիները, որոնք յաճախակի գործածուող առարկաներ են ու անոնց գիներու փոփոխութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը գործէ՝ ընտանիքի մը առօրեայ ապրուստը հոգալու յարատեւ տուայտանքին մէջ։
Հիմա գանք մեր բուն նիւթին, զոր ապացուցանելու համար պիտի ներկայացնեմ երկու կենդանի օրինակներ։ Առաջինը կը վերաբերի ջուրի գործածութեան, իսկ երկրորդը բնակարանային վառելանիւթի՝ կազի (natural gas) սպառումին:
Գաղտնիք մը յայտնաբերած չենք ըլլար երբեք եթէ ըսենք, որ Գալիֆորնիան մի քանի տարիներէ ի վեր կը տառապի երաշտէ։ Անշուշտ սա անմիջական արդիւնքն է անձրեւի եւ ձիւնի անբաւարարութեան։ Ուրեմն հարաւային Գալիֆորնիոյ պատկան մարմինները դիմեցին միջոցառումներու, որպէսզի առաջքը առնեն այդ երաշտին։
Այդ միջոցառումներէն մին էր սահմանել՝ բնակարաններուն պատկանող պարտէզները ջրելու օրերը։ Այսպէս՝ առաջին առթիւ շաբաթը միայն երկու օր տրամադրուեցաւ մեզի, իսկ ապա շաբաթը միայն մէկ օր։ Հարկադրաբար ենթարկուեցանք եւ որպէս հետեւանք, մեր պարտէզները չորցան։
Այսքանը անբաւարար էր կարծէք եւ ահա ջուրերու գիները բարձրացան, ինչո՞ւ՝ որովհետեւ ջուր բաժնող ընկերութեանց եկամուտը պակսեցաւ եւ իրենց ծախսերը կարենալ հոգալու համար դիմեցին այս անարդար միջոցին։
Երկրորդ օրինակը բնական կազի գինի բարձրացումն է։ Անցեալ Հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւմուտքը տարածուող, Փորթըր Ռէնճ շրջանը գտնուող բնական կազի հորը արտածորած ըլլալով՝ ապականած է շրջապատը եւ մարդիկ շնչելով այդ ապառողջ օդը հիւանդացած են։
Ընկերութիւնը գոհացում տալու համար շրջանի բնակիչներու գանգատներուն, առժամեայ կերպով փոխադրած են զանոնք մօտակայ պանդոկները, մինչեւ որ արտածորումը կասեցնեն եւ կացութիւնը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին։
Անշուշտ այս արտակարգ միջոցառումը կ՛ենթադրէ յաւելեալ ծախս ընկերութեան վրայ։ Ուրեմն յաւելեալ այդ ծախսը հատուցանելու համար, ընկերութիւնը բարձրացուցած է Լոս Անճելըսի բնակիչներուն կազի սպառման ամսավճարները՝ կրկնապատկելով զանոնք։
Առ քեզի արդարութիւն, իրենց ապիկարութեան պատճառաւ՝ մենք է որ ակամայ կը տուժենք։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ կառավարութիւնը մեզի երբեք թիկունք չի կանգնիր ։ Թերեւս իրաւունք ալ չունի միջամուխ ըլլալու, որովհետեւ կ՛ապրինք դրամատիրական երկիրի մը մէջ, ուր դրամն է, որ կ՛իշխէ եւ մենք բռնի կ՛ենթարկուինք այդ կացութեան։
Դժբախտաբար սակայն կազի արտածորման հարցը լուծուելով՝ չեմ խորհիր, որ մեր կազի սպառման գիները պիտի վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին, որովհետեւ գիները շատ արագ կը բարձրանան եւ շատ ուշ կ՛իջնեն՝ եթէ անցեալէն դաս պիտի վերցնենք…։