Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Ալենուշ Տէրեան

Պատրաստեց՝  ՌՈՒԲԻՆԱ  ՕՀԱՆԵԱՆ

Իրանահայ Ալենուշ Տէրեան Իրանի ֆիզիքայի առաջին կին-փրոֆեսոր եւ առաջին արեւային աստղադիտակի ու աստղադիտարանի հիմնադիրն է՝ Իրանի ասղագիտութեան պատմության մէջ։ Ան յայտնի է որպես «Իրանի ժամանակակից աստղագիտութեան մայր»ը:

Ալենուշ Տէրեան ծնած է 1920 թուականին թեհրանահայ ընտանիքի մէջ։ Մայրը ուսանած էր Զուիցերիոյ մէջ եւ ֆրանսերենի ուսուցչուհի էր, իսկ հայրը գրող էր Նոր Ջուղայէն: Հայրը Ֆիրտուսիի բանաստեղծութիւններէն հայերէն թարգմանութիւններ կատարած է։

1947ին Ալենուշը կ՛աւարտէ ուսումը Թեհրանի համալսարանի Գիտութիւններու բաժանմունքը եւ նոյն տարին աշխատանքի կ՛անցնի նոյն բաժանմունքի ֆիզիքայի փորձասենեակը, իսկ մէկ տարի յետոյ կը նշանակուի լփորձասենեակի գործառութիւններու պետ։

Ալենուշ Տէրեան կը փորձէ համոզել իր դասախօսը, որ օգնէ իրեն կրթաթոշակ ստանալու՝ Ֆրանսիայի մէջ ուսումը շարունակելու համար, սակայն կին ըլլալու պատճառով կը մերժուի։ Հակառակ անոր հօր նիւթական օգնութեամբ կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի համալսարանի Մթնոլորտային ֆիզիկքայի բաժանմունքին մէջ ուսումը կը շարունակէ։ 1956ին կը ստանայ թեկնածուական աստիճան եւ Սորպոնի մէջ անոր դասախօսութեան պաշտօն կ՛առաջարկուի։ Սակայն Իրանի ծառայելու համար կ՛րոշէ վերադառնալ եւ որպէս դասախօս կը սկսի թերմոտինամիքա դասաւանդել Թեհրանի համալսարանի ֆիզիքայի բաժանմունքին մէջ։

1959ին Արեւմտեան Գերմանիոյ պետութիւնը թոշակ կը տրամադրէ Թեհրանի համալսարանին, արեւային ֆիզիքայի աստղադիտարանին մէջ 4 ամիսներ սորվելու համար եւ Տէրեանը կ՛ընտրուի որպէս թոշակի շահառու։ 1964ին կ՛արժանանայ փրոֆեսորի կոչման եւ այդպիսով կը դառնայ Իրանի առաջին կին փրոֆեսորը։

1966ին կ՛ընտրուի Թեհրանի համալսարանի Երկրաֆիզիքայի կոմիտէի անդամ, իսկ երեք տարիներ յետոյ կը նշանակուի՝ Թեհրանի համալսարանի Երկրաֆիզիքայի հիմնարկի արեւային ֆիզիքայի հետազօտութիւններու խումբի նախագահ եւ աշխատանքի կ՛անցնի արեւային ֆիզիքայի աստղադիրանի մէջ, որու հիմնադրման մէջ ինք մեծ դեր ունեցած էր։

Ալենուշ Տէրեան Իրանի մէջ աստղաֆիզիքա դասաւանդող առաջին անձն էր։ 1979ին հանգստեան կը կոչուի։ Ան իր կտակին մէջ իր բնակարանը նուիրած է Ջուղայի հայերուն եւ այն ուսանողներուն, որոնք յարմար բնակատեղի չունին: Կեանքի վերջաւորութիւնը անցուցած է Թեհրանի Թոհիտ ծերանոցը։ Մահացած է 2011ին:

Ալենուշ Տէրեան Իրանի հեռատեսիլի «Իմաստուններ» ծրագիրի կողմէ որպէս գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք ճանաչցուած է։ 2003ին անոր կեանքի մասին վաւերական ֆիլմ ստեղծուած է Իրանի հեռատեսիլի պատուէրով՝ «Դէպի Արեւ» անուամբ։ 2006ին Իրանի ատենի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ գնահատագիրի ու շքանշանի արժանացած է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին