Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Արտաքին Գործոց Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Պիտի Մեկնին Պրիւքսէլ

ՆԱԹՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Մարտ 9-­ին կայանալիք «Հայաստան + 28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան պիտի մեկնին Պրիւքսէլ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, Խորհուրդի նիստին պիտի նախորդէ նախարարներ Նալպանտեանի եւ Օհանեանի հանդիպումը ՆԱԹՕ-­ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպըրկի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին