Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Հարցազրոյց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի Բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի Հետ

Երեւանի  գեղարուեստա-թատերական հիմնարկէն վկայեալ բեմադրիչ-դերասան Վարդան Մկրտիչեան, ծանօթ անուն մըն է լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան մօտ: Պերճ Ֆազլեանի,Գրիգոր Սաթամեանի,Երուանդ Ղազանճեանի հետեւորդ Վարդան Մկրտիչեան, կու գայ ընդլայնելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի երախտաւոր  բեմադրիչներու շառաւիղը:  

Լիբանանահայ հանդիսատեսը այս օրերուն, Յակոբ Տէր Մելքոնեան  թատերասրահի մէջ  կը  դիտէ հեղինակ եւ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» ներկայացումը: Հակառակ իր բազմազբաղութեան,Վարդան Մկրտիչեան սիրայօժարօրէն  ընդառաջած է ՀԵԸ-ի  Մամլոյ  եւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակի պատասխանատուին  խնդրանքին՝ հարցազրոյց մը ունենալու իր հետ, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ:

Հարց. «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» թիւ քանի՞ ներկայացումն է  Ձեր  թատերական ասպարէզին:

Պատ. Իբրեւ ի՞նչ նկատի ունիք:

Հարց. Իբրեւ բեմադրիչ:

Պատ. Տակաւին  չեմ  հաշուած կը հաւատա՞ք: Ուրեմն՝ «Քաղաքավարութիւն  Մինչ   Հիմա», «Չեմ Վճարեր», «Մէկ Առաւել Մէկ», «Կնոջ Դերձակը Թէ՞ Բժիշկը», «Թանկօ  Գողի Հետ», «Նախկին Պէյրութը չէ», «Խեցիններ», «Մօրաքոյրը Պրազիլէն», «Նահանջը Առանց Երգի», «Պիտի  Ըլլայ, Պիտի  Չըլլայ», «Հարիւր Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»  եւ վերջապէս՝ «Առանց  Տաբատի Անձնասպանը»:

Հարց. Քիչ առաջ  իմացայ, թէ այս  ներկայացումը  գրած էք  բաւական կանուխ, 1990ականներու սկիզբը: Այսօր երբ  կը բեմականացնէք զայն, արդեօ՞ք փոփոխութիւններ չէք ներմուծած անոր  բնագիրին մէջ:

Պատ. Բաւական շատ: Սակայն միտք  բանին կը մնայ անփոփոխ: Ընդհանուր գիծը եւ պատմութեան զարգացումները նոյնը պահելով հանդերձ, անխուսափելի փոփոխութիւններ կատարած եմ, որովհետեւ անցնող քսան եւ հինգ տարիներու  ընթացքին, զգալի  վերիվայրումներ տեղի ունեցան  մեր առօրեային  մէջ: Մտածելակերպերը, վարուելակերպերը եւ մօտեցումները փոխուած են: Շատ մը  հատուածներ զեղչած եմ, որովհետեւ գէթ ինծի համար անոնք  ժամանակավրէպ դարձած էին արդէն: Երբ տուեալ  ժամանակամիջոցի մը  մէջ  գործ մը կը ներկայացնես, անպայման նկատի պիտի ունենաս  հանդիսատեսը:   Այսօրուան եւ քսանհինգ տարի առաջուան հանդիսատեսները բոլորովին կը տարբերին իրենց մտածելակերպով: Համացանցին եւ արհեստագիտական յեղաշրջումներու շնորհիւ, մեծ փոփոխութիւն կրած է այսօրուան  հանդիսատեսին ճաշակը: Ամբողջ  թատրոնի  հասկացութիւնը փոփոխութիւն կրած է, նմանապէս հանդիսատեսին պահանջները: Ապրելակերպեր փոխուած են, կեանքի առանցքը  փոխուած է, նոյնիսկ հիւմըրի զգացումը: Դուրսի ազդեցութիւնները մեծ ներգործութիւն ունեցան հայ հանդիսատեսին վրայ: Հանդիսատեսը այսօր աւելի  գիտակից է եւ բանիմաց: Հետեւաբար անպայման  բան մը  ըսելու կամ պատգամ մը  փոխանցելու անհրաժեշտութիւն չեմ տեսներ:

Հարց. Որու՞ն համար պատրաստած էք այս ներկայացումը, լիբանանահայ հանդիսատեսի՞ն:

Պատ. Այո, անպայման: Իմ բոլոր  ներկայացումներուս մէջ մնայուն կերպով նկատի ունեցած եմ լիբանանահայ հանդիսատեսը: Միշտ փորձած եմ անոր մատչելի բեմադրութիւններ ներկայացնել: Երբեք պիտի չուզէի  նմանիլ հանդիսատեսին իր ոճը պարտադրող բեմադրիչին, բախում ունենալ հադիսատեսին հետ: Ի վերջոյ աշխատանք մը, որ պիտի  բեմադրուի, հանդիսատեսին համար է: Չեմ կրնար քանի մը անհատներ գոհացնելու մտահոգութեամբ զոհել հանդիսատեսը: Թատրոնը լայն զանգուածներու հաճոյք եւ գոհացում պատճառելու նպատակով ստեղծուած  արուեստ մըն է: Տարիներու վրայ  հետեւած եմ հանդիսատեսին ճաշակին եւ ի վերջոյ  ըմբռնած եմ անոր ընկալումները եւ ճաշակը: Սակայն այլ խնդիր է խօսիլ  հանդիսատեսին ճաշակի մասին…: Անոր հասկացողութեան, գիտակցութեան  մակարդակին մասին…:

Հարց. Ի՞նչը ձեզ մղեց, որպէսզի քսան եւ հինգ տարիներ առաջ թուղթ ու մատիտ վերցնէք՝ սոյն ներկայացումը գրելու համար:

Պատ. Մի քանի կէտեր ի միտի ունէի: Առաջինը՝ թատրերգութիւն գրելու  փորձ մը, միաժամանակ անձս քննութեան ենթարկելու փորձ մը: Անկեղծ ըլլալու համար կ’ուզէի  փորձել, թէ կարողութիւն ունէի՞  թատրերգութիւն գրելու կամ ոչ:  Առաւել այս բոլորին, զաւեշտ գրելու պահանջ մը, որպէսզի  հանդիսատեսը  ուրախ տրամադրութեամբ հեռանար սրահէն: Առանձնապէս որեւէ պատգամ կամ փիլիսոփայութիւն չկայ այնտեղ: Հանդիսատեսին ակնոցով դիտելով, այս ներկայացումը պարզապէս հաճելի ժամանց մըն է: Դիտեն, խնդան եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռանան սրահէն: Անշուշտ բեմադրած եմ պատգամ փոխանցող կտորներ, ինչպէս «Նահանջը Առանց Երգի»ն, «Խեցիններ»ը, «Հարիւր Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»ը, որոնք անպայմանօրէն ըսելիքներ ունէին: Իմ կարծիքով ներկայացում մը  ըսելիքներ փոխանցելու նպատակով կը գրուի: Ըսելիքներդ կը համադրես, ինչպէս պարագան եղաւ «Հարիւր Տարի Ետք Կամուրջին Տակ»ը եւ անոնց  հիման վրայ կը հիւսես ներկայացումիդ զարգացումները: Համաձայն  չեմ ոմանց  այն  միտքին, թէ ըսելիքներ ունեցող  ներկայացումներ անհրաժեշտ է փնտռել:

Հարց. Դերասան Վարդան Մկրտիչեանը կը բացակայի այս ներկայացումէն… պատճառ  մը ունէ՞ր արդեօք:

Պատ. Միշտ ալ ըսած եմ՝ երբ  բեմի վրայ անձ մը տեսնեմ նախանձէս կը պայթիմ (ժպտալով)…: Բաւական ծանրաբեռնուած ըլլալով եւ յատկապէս վերջին ներկայացումիս մէջ, երբ  դեր ստանձնած էի եւ միաժամանակ կը բեմադրէի, բաւական հոգնեցայ:  Նաեւ վերջին երկու բեմադրութիւններուն միջեւ ժամանակը կարճ ըլլալով, այս պարագային  նախընտրեցի  քիչ մը հանգստանալ: Պէտք է խոսոտովանիլ, որ բաւական դժուար  է միաժամանակ դեր ստանձնել եւ բեմադրել: Կրնայ գործը  տուժել:

Հարց.  Դերասաններու ընտրութիւնը դիւրիւ՞ն էր:

Պատ. Մենք սիրողական թատրոն ենք, հետեւաբար  փորձեցինք ինչպէս առածը կ’ըսէ՝  մեր գլխուն  համեմատ կարել գլխարկը: Յարգանք բոլոր դերակատարներուն, ներկայացումին  մասնակիցները  մեծ նուիրումով, հանդուրժողականութեամբ եւ պատրաստակամութեան ոգիով  հետեւեցան  ներկայացումին  փորձերուն, նպաստելով  ներկայացումին  յաջողութեան:  Թատրոնը  եւ դերակատարները սիրողական ըլլալով, յաճախ կը  պարտաւորուինք  մեր  ուժերուն  համապատասխան  ընտրութիւն կատարել:  Պէտք է  ըսել, որ նիւթէն մեկնելով այս ներկայացումը կը  յարմարէր  մեր դերակատարներուն: Սիրողական  թատրոնի պարագային, բաւական դժուար է դասական որեւէ գործ յարմարցնել դերասանական կազմին:  Շատ յաճախ ստիպուած ենք նիւթի  ընտրութիւնը  կամ  թարգմանութիւնը պատշաճեցնել  դերակատարին յարմարութիւններուն:  Ի վերջոյ մենք սիրողական թատրոն ենք, մեր մատին ետեւ  չպահուտինք: Քիչ մը առաջ կը հարցնէիք «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» ներկայացումին մէջ կատարած փոփոխութիւններուս մասին: Նշեմ, որ այդ  փոփոխութիւններուն մէջ կերպար մըն ալ աւելցաւ:  Նախապէս հինգ դերասաններու համար գրուած էր այս ներկայացումը, մինչդեռ հիմա բեմին վրայ պիտի տեսնէք վեց դերակատարներ:  Ճիշդ պիտի  չըլլար  մնայուն կերպով խստապահանջ կամ  պահանջկոտ ըլլալ մեր դերակատարներէն, անոնք սիրողական դերակատարներ են:  Ճիշդ այս պատճառով որոշ համադրութիւն մը կը կատարենք կերպարի ընտրութեան եւ  դերակատարի կատարողութեան միջեւ: Անհրաժեշտ է  նիւթը մատչելի դարձնել դերակատարին, որպէսզի  երկուստեք գոհ մնան՝ դերակատարը եւ հանդիսատեսը, առաւել եւս  շահի ներկայացումը:

Հարց.  Փաստօրէն նիւթը կը  յարմարցնէք  դերակատարին:

Պատ. Ճիշդ այդպէս:

Հարց. Բեմադրիչ Վարդան  Մկրտիչեանը իւրայատկութիւններ ունի՞ արդեօք  իր  բեմադրութիւններուն մէջ:

Պատ. Կան  բեմադրիչներ, որոնք տարիներու փորձառութեամբ  որոշակի ոճ մը կը ստեղծեն:  Այդ ոճը կու գայ  բեմադրիչին խառնուածքէն: Բեմադրիչներ կան, որոնք իրենց ոճին շնորհիւ եւ այդ ոճին մէջ կը տեսնեն իրենց յաջողութիւնը: Եւ դժբախտաբար այնտեղ կը կենան: Իմ պարագայիս ես տակաւին փնտռտուքներու փուլին մէջ կը գտնուիմ, հակառակ որ տաս եւ աւելի ներկայացումներ կատարած եմ։ Չեմ կարծեր, որ կը փափաքիմ անպայման  ոճի մը հասնիլ, ընդհակառակը՝ միշտ կը փորձեմ նորութիւն մուծել: Արուեստագէտին համար փնտռտուքն է, որ զինք  պիտի մղէ դէպի յառաջ: Որոշ ոճի մը  հասնելու պարագային կը խորհիմ, թէ  ինքնաբաւութեան զգացում մը կրնայ ստեղծուիլ  բեմադրիչին մօտ եւ այս մէկը կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ՝ զինք  լճացումի մղել: Համոզուած եմ, որ ընտրուած նիւթերու բազմազանութեան եւ թարմութիւններու շնորհիւ, աւելի աշխոյժ կարելի պիտի ըլլայ պահել հանդիսատեսը: Միշտ փորձերու մէջ եմ: Այլ բան մը  կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել: Ինծի համար բաւական տարօրինակ կը մնայ ներկայացումի գրքոյկին մէջ նշել բեմադրիչին խօսքը: Չեմ փափաքիր թիւրիմացութիւն ստեղծել: Տեսէք կրնամ սխալիլ, բայց ինծի համար տարօրինակ է այս մէկը:  Եթէ իբրեւ բեմադրիչ ներկայացումը բեմ կը հանես, այս կը նշանակէ, թէ ըսելիքդ արդէն իսկ բեմին վրայ է: Խօսքդ  այնտեղ է: Եթէ բեմ հանած էք, կը նշանակէ ամէն բան պէտք է երեւայ հոն՝ բեմին վրայ: Երբ ինծի հարցնեն, թէ ինչո՞ւ բան մը չեմ գրեր, կը պատասխանեմ՝ բան մը չունիմ գրելիք, իմ ըսելիքս բեմն է, խօսելիքս ալ բեմին վրայ է: Փնտռտուքը եղած է զիս յառաջ մղող ուժը: Ներշնչումն է զիս աշխատանքի մղողը: Եւ այդ ներշնչումէն ծնած միտքերն են, որ կը  հասցնեմ  հանդիսատեսին:

Հարց. Վարդան Մկրտիչեան, քեզի կը մաղթենք  նորանոր յաջողութիւններ:

Պատ. Շնորհակալութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին