Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Չերքէզացած Հայեր

Սթանպուլաբնակ լրագրող Արիս Նալչի Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակուած, իր «Աքսորի ճանապարհին. 100 տարի ետք Կեսարիոյ մէջ» ճանապարհոդագրութեան մէջ կը նկարագրէ՝ Կեսարիոյ տեղագրութիւնն ու պատմութիւնը։

«Ակօս»ի նախկին աշխատակից Արիս Նալչի Կեսարիա իր այցելութեան ընթացքին կը կատարէ ուշագրաւ յայտնաբերում մը։ Նալչի կը յայտնէ, թէ Կեսարիոյ քաղաքակեդրոնին մէջ գտնուող «Կուպաթէ» ճաշարանին մէջ նախաճաշելու ընթացքին կը տեղեկանայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կեսարացի շատ մը հայեր փրկուած են՝ շնորհիւ հարեւան չերքէզ գիւղերու իրենց բարեկամներուն։ Հետագային վերոնշեալ բոլոր կեսարահայերը ընդունած են չերքէզական ինքնութիւնը եւ անոնց ժառանգներն ու շառաւիղները կ՛ապրին շրջանի չերքէզական գիւղերուն մէջ։

Իսլամացած, քրտացած, թրքացած, արաբացած, ալեւիացած հայերուն կողքին ահաւասիկ կ՛աւելնան չերքէզացած հայերը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին