Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Շառլ Ազնաւուր Եւ Պարսելոնաի Ու Ռէալի Ֆութպոլիստները Կը Սատարեն Գիւմրեցի 13 Անօթեւան Ընտանիքներուն

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր արձագանգած է գիւմրեցի անօթեւան ընտանիքներուն օգնելու եւ անոնց համար բնակարաններ գնելու` SOS հաղորդաշարի բեմադրիչ Հայկ Բարսեղեանի դրամահաւաքի նախաձեռնութեան:

Շառլ Ազնաւուրի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ հրապարկուած է 13 անօթեւան ընտանիքներուն մասին պատմող Հայկ Բարսեղեանի տեսանիւթը` Գիւմրիի աղէտալի երկրաշարժի նկարագրութեամբ:

«Սարսափելի երկրաշարժը 25.000 մարդու կեանք խլած է, հազարաւոր ընտանիքներ մնացած են անօթեւան եւ կ՛ապրին առանց յոյսի: Ասիկա ծրագիր մըն է, որ նպատակ ունի օգնելու վտանգաւոր պայմաններու մէջ ապրող գիւմրեցի անօթեւաններուն», կը նշուի հրապարակման նկարագրութեան մէջ:

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Գիւմրիի լրագրողներու Ասպարէզ ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան նշած է, որ Շառլ Ազնաւուր դրամական աջակցութիւն չէ ցուցաբերած գիւմրեցի անօթեւաններուն, աջակցութիւնը եղած է դրամահաւաքի մասին պատմող հրապարակման վերահրապարակումը:

Անոր խօսքով դրամահաւաքի նախաձեռնողները կապ հաստատած են նաեւ Մատրիտի Ռէալ ֆութպոլի խումբին հետ: Նախնական համաձայնութեամբ խումբի առաջատարները  պիտի ուղարկեն իրենց մարզաշապիկները ստորագրութիւններով եւ գրութեամբ` ի աջակցութիւն Գիւմրիի անօթեւաններու: Մարզաշապիկը վաճառքի պիտի հանուի Մարտ 19ին կայանալիք բարեգործական աճուրդին:

Նշենք, որ աճուրդի համար ունինք Պարսելոնաի դրօշը` Լիոնել Մեսսիի, Չաւիի, Ինյեսթայի, Թիերի Անրիի ու խումբի 10 աստղերու ստորագրութեամբ:

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան եւս միացած է Գիւմրիի անօթեւան 13 ընտանիքներուն համար բնակարան գնելու նպատակով մեկնարկած դրամահաւաքին:

Գիւմրեցի հռչակաւոր ճազ դաշնակահար Տիգրան Համասեան, անօթեւաններուն աջակցելու նպատակով Գիւմրիի տնակային աւաններէն մէկուն մէջ Փետրուար 28-ին բարեգործական համերգ ունեցաւ:

Նշենք, որ նախագիծի նախաձեռնողը լուսանկարիչ Հայկ Բարսեղեանն է, որ Գիւմրիի անօթեւան 13 ընտանիքներու համար բնակարան գնելու դրամահաւաք կազմակերպած է՝ բրիտանական Crowdfunder կայքին մէջ:

Գիւմրեցի 13 անօթեւան ընտանիքներու համար կազմակերպուած դրամահաւաքը պիտի աւարտի Մարտ 20ին, եւ եթէ մինչ այդ չհաւաքուի սահմանուած գումարը, ապա մինչ այս կայքին նուիրաբերուած գումարները օգտատէրերուն ետ պիտի վերադարձուին. կայքի պայմանները այդպէս են: «Նուիրատուութիւններու 80 տոկոսը դուրսէն է: Արդէն մէկ ընտանիքի բնակարանի գումար հաւաքուած է: Գիւմրիի մէջ մէկ սենեակնոց բնակարանը կ՛արժէ մօտ 10 հազար տոլար», նշած է Հայկ Բարսեղեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին