Գիրքը գրախօսեց-ներկայացուց՝
Տ. ՎՐԹԱՆԷՍ Աւագ Քհնյ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Պատուակալ Հովիւ Ուաշինկթընի
17 Մարտ 1950-ին թերթերը ծանուցին մահը 92-տարեկան Ալիս Սթօն Պլէքուէլին, որուն եզակիօրէն գործունեայ եւ արդիւնաւէտ կեանքը վերջ գտաւ իր տանը՝ Գէմպրիճ, Մէսէչուսէց Նահանգի մէջ, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք:
Իր ժամանակին անոր անունը միայն կը յուշէր այն եզակի եւ հանրահռչակ ժառանգութիւնը՝ որու ստացողն էր հանգուցեալը իբրեւ անկախ մտածող, քաջակորով, ներքին ուժականութեամբ եւ կարողութեամբ անհատ մը, որ զինք կազմաւորեց իբրեւ իր ժամանակի եւ բոլոր ժամանակներու համար բացառիկ անձնաւորութիւն:
Իր մայրը՝ Լուսի Սթօն, կիներու քաղաքական ազատութեան ջատագով, առաջին կինն էր, որ Մէսէչուսեց նահանգի համալսարանէն շրջանաւարտ եղաւ եւ մերժեց իր ամուսնին անունը կրել՝ ընդգծելու համար իր մտաւորական եւ քաղաքացիական անկախութիւնը:
Հէրրի Պ. Պլէքուէլ՝ իր ամուսինը եւ Ալիսի հայրը, նոյն մակարդակի մարդեր էին՝ իբրեւ ջատագովներ կիներու քաղաքական ազատութեան (Suffrogist), գերիներու ազատութեան (Abolitionist) եւ ի հաշիւ այն բարենորոգումներու, որոնք արդէն Ա.Մ.Ն.ի պատմութեան մաս կը կազմեն:
Ալիսի հօրաքոյրը՝ բժիշկ Էլիզապէթ Պլէքուէլ, Ա.Մ.Ն.ի առաջին կին բժիշկը եւ հիմնադիրը Նիւ Եորք քաղաքի դարմանատան ու մէկը, որ իր քրոջ՝ բժիշկ Էմիլի Պլէքուէլի հետ ըրին անկարելին՝ քանդելու համար բժիշկ կիներու առջեւ ծառացած բոլոր նախապաշարումներու պատնէշները:
Ալիս Պլէքուէլ շարունակեց արշաւը ի նպաստ կիներու քաղաքական ազատութեան, մասնաւորաբար անոնց քուէարկելու իրաւունքի պաշտպանութեան եւ այն բոլոր բարենորոգումներու, որոնց միջոցաւ այս երկիրը (Ա.Մ.Ն.) պիտի վերածէին աւելի լաւ միջավայրի մը:
Ինքն էր կազմակերպողը այն ատենի երկու մեծ կազմակերպութիւններու միացումին, որոնք կիներու քաղաքական ազատութեան համար կը պայքարէին: Իր ծնողքին կողմէ հիմնադրուած Կիներու Ժուրնալ -Women’s Journal- ամսաթերթի խմբագրութիւնը ստանձնեց եւ թէ՛ այստեղ -ԱՄՆ- եւ թէ արտասհման տարածեց խաչակրութիւնը՝ ի նպաստ կիներու քաղաքացիական իրաւունքներուն:
Այդ աշխատանքները վարձատրուեցան Ամերիկեան Սահմանդրութեան 19րդ
Յաւելուած-Յօդուածի վաւերացումով: Անկէ ետք իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց երախաները աշխատցնելու դէմ. առաւել՝ բանտերու բարենորոգումներու համար, ոգելից ըմպելիներու դէմ եւ եւս առաւել՝ պայքարեցաւ կիներու քաղաքական կեանքի մասնակցութեան ի նպաստ: Այս վերջինը իրագործեց իր անձնական օրինակով, ինչպէս նաեւ իբրեւ սկզբունքային տեսութիւն:
Այդ բոլորին զուգահեռ հրատարակեց բանաստեղծութիւններու թարգմանութիւններ հայերէնէ, ռուսերէնէ եւ եւրոպական եբրայեցերէնէ (Yiddish), աշխատակցեցաւ օրուան մամուլին այլազան նիւթերով, որոնց համար իր արդարամիտ զգայնութիւնը կը յուզուէր:
Իր մահուամբ կը կնքէ իր մնայուն տեղը անկախ մտածողներու աստեղութեան մէջ, իբրեւ երազող եւ իրագործող անհատականութիւն մը, որ ԱՄՆի Նիւ Ինկլէնտէն էր եւ ճանաչում տուաւ իր անուան ովկիանոսներէն ալ անդին:
* * *
Մասնաւորելով այս տողերը, մեր ուշադրութեան կեդրոնը իբրեւ նկատի ունինք այն գիրքը, որ հրապարակ իջաւ 1917ին: Յիշեցնել պէտք չէ, որ այս տարին հարիւրամեակն է այն ահաւոր թուականին, որ կ՛երկարի 1915էն 1923 : Իր նախաբանին մէջ յատկանշականօրէն կը թուէ երկու պատճառներ, որոնք ծնունդ տուին այս հատորին եւ անոր յաջորդի երեւումին:
Առաջին, «Կը հաւատանք, կ՛ըսէ ան- որ հայերու նկատմամբ զգացուած համակրութիւնը աւելի պիտի խորանայ՝ մասնաւորաբար այս օրերու աննկարագրելի տառապանքներու ընթացքին, որուն ենթարկուած են անոնք թուրքերու ձեռքով: Մասնաւորաբար ծանօթանալով այս ժողովուրդին տաղանդի եւ նկարագիրի իւրայատուկ դրսեւորումներուն, որոնց իրազեկ կը դառնանք իրենց բանաստեղծական մշակոյթին ծանօթանալով»։
Երկրորդ, «Այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդի բանաստեղծական գրականութիւնը, որուն ինքնին արժէ ծանօթանալ, ընդհանրապէս մատչելի չէր անգլիախօս ընթերցողներուն: Այդ գանձերը փաստօրէն փականքի տակ կը մնան անծանօթ լեզուի մը մէջ»:
Գիրքի առաջին էջին վրայ իսկ արդէն կը զգանք բանաստեղծին զգայնութիւնը եւ դժուարութիւնը՝ բանաստեղծութիւն թարգմանելու աշխատանքի մէջ: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ հեղինակը կ՛օգտագործէ «Փոխադրուած անգլերէն հանգի» ասոյթը եւ կը զգուշանայ աւելի հաւակնոտ «թարգմանութիւն» կոչուելէ, «Թարգմանութիւններէն իւրաքանչիւրը եղած է բառացի եւ արձակ թարգմանութիւններու օգնութեամբ, որոնք ինծի տրամադրուեցան անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով իմ հայ բարեկամներուս միջոցաւ», կ՛ըսէ հեղինակը:
Այս թարգմանիչ-փոխադրող հեղինակին համար՝ բազմազբաղ բառը օգտագործելը շատ-շատ անբաւարար է: Ճնշուած ազգերու եւ փոքրամասնութեանց գլխաւոր ջատագով-պաշտպանը եղած է՝ անհամար յօդուածներով ու ելոյթներով:
Եղած է առաջին գիծի վրայ՝ ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդի թրքական լուծէ ազատագրումին եւ ձաղկած է անխնայօրէն՝ քաղաքական բարձր ատեաններու մօտ անոնց դաւաճան ուխտադրժումները:
Տողացի թարգմանութիւններով իրեն օգնած են Լայբցիկի համալսարանէն Տիար Օհաննէս Չաչումեան, Քինկզ Գոլեճէն Փրօֆ. Մինաս Չերազ, Տրապիզոնի նահատակուած Եպիսկոպոս Գէորգ Դուրեան, բանաստեղծ-հրապարակախօս Արշակ Չօպանեան, Կարապետ Հ. Փափազեան, Յարութիւն Ասլան, Արսէն Տիրան, Աւետիս Սելեան, Սահակ Չուչեան, Արամ Թորոսեան, Գարեգին Մանուկեան- Օ. Հ. Աթէշեան, Արտակ Տ. Մահտէսեան՝ խմբագիր «Նոր Հայաստան»ի, Պետրոս Գէլճիկ եւ Տ. Վարժապետեան:
Այս երախտաւորներէն շատեր այսօր մեզի ոչինչ կ՛ըսեն կամ ալ շատ քիչ բան: Օրինակ Քինկզ Գոլեճէն Փրոֆ. Մինաս Չերազ պէտք է ըլլայ այն քաղաքական գործիչը, որ գործակից եղած է Խրիմեան Հայրիկին՝ Եւրոպական խորհրդաժողովներէ ներս մտնելու եւ Հայ Դատը ներկայացնելու ջանքեր ըրած իրենց թուղթէ շերեփներով:
Գէորգ Դուրեան իրեւ խմբագիր «L’Armenie” թերթին, ո՞վ էր եւ իր թերթը ինքնին ի՞նչ կը ներկայացնէր: Չեմ գիտեր, եւ շատ ալ ոչինչ այս տողէն անդին: Ո՞վ է այս Տրապիզոնի նահատակուած եպիսկոպոս Գէորգ Դուրեանը: Մի քանի Դուրեաններու ծանօթ եմ իրենց գրականութեամբ, նոյիսկ նահատակուած Դուրեան մը զոր ոչ ոք այսօր կ՛ուզէ յիշել եւ յիշատակել: Այս Գէորգ Դուրեանէն լուր չունէի: Բայց այս մարդիկ ներդրում ունեցած են 1917ին հրատարակուած այս իւրայատուկ՝ Հայ բանաստեղծական թարգմանութիւններու հաւաքածոյի պատրաստութեան ընթացքին: Ուրեմն Մէսէչուսեց Նահանգի Պոսթոն քաղաքին մէջ 1917ին իրականացած
գիրքը, որ երկրորդ եւ ընդլայնացուած պարունակութեամբ ընթերցողին կը հրամցուի, անհատական նախաձեռնութեամբ իրականացած է՝ որպէսզի հասոյթը լիովին յատկացուի Հայ Օգնութեան Ֆոնտին:
Հեղինակը մօտ տասը էջանոց «Մուտք»ի իր խօսքով անհրաժեշտ կը նկատէ՝ ներկայացնել Հայաստանը իր կարելի ամբողջութեան մէջ: «Նկատելի է, -կ՛ըսէ ան-, որ բանաստեղծութեանց որոշ մէկ մասը հարուստ է նկարագրական պատումով՝ Վարդանի, Աւարայրի, Հայկի եւ Թորգոմի (Թոգորմա) ինչպէս նաեւ Եդէմի Պարտէզին: Անկէ կ՛անցնի աշխարհագրական տեղադրութեան եւ նկարագրութեան մէջն ընդունելով Արարատը, Եփրատ եւ Տիգրիս գետերն ու Արաքսը: Սեւ ծովու եւ Միջերկրականի միջեւ ինկած տարածաշրջանը, ուր աւանդական Եդէմի Պարտէզին վայրը կը նկատուի: Հայաստանը եղած է օրրանը ամենահին քաղաքակրթութեան՝ երկրի վրայ եւ ժամանակակիցը Ասորական եւ Բաբելոնեան տէրութեանց:
Հայաստանի ծագումը ծածկուած է հին Աշխարհի մշուշի մէջ: Նոյեան Տապանի Արարատի վրայ հանգչելէ ետք անոնք՝ հայերը եղան ժառանգները Յաբեթական ցեղին: Իրենք զիրենք կը կոչեն «Հայ» եւ երկիրը Հայաստան՝ Հայկ Նահապետի անունով, որ էր Թորգոմի որդի: Ամենահին ժամանակներէն սկսած զբաղեցուցած են իրենց ներկայի Տունը: Պատմութեան մէջ յիշուած են Հերոտոդոսի եւ Քսէնոֆոնի կողմէ:
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշատակուած է, որ Սենեքերիմի որդիները ապաստան գտան Հայոց հողամասի վրայ:
Եզեկիէլ Մարգարէն եւս կ՛ակնարկէ Հայաստանի՝ Թորգոմի անուան տակ իբրեւ ձի եւ ջորի հայթայթող Տիւրոսի բանակին: Կ՛ակնարկէ նաեւ իբրեւ Արարատեան Թագաւորութիւն Երեմիա Մարգարէն, որ կոչ կ՛ընէ օգնելու Բաբելոնի կործանման:
«Ըստ աւանդութեան, -կը շարունակէ Պլէքուէլ-, քրիստոնէութիւնը քարոզուեցաւ առաջին դարու սկզբնաւորութեան՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու միջոցաւ: Պատմական իրողութիւն է,-կը հաստատէ հեղինակը-, որ 276 թուին (301? ) թագաւորը եւ երկիրը ամբողջ դարձան քրիստոնեայ»:
«Ս. Գրիգորի միջոցաւ, որ կոչուած էր «Լուսաւորիչ», Հայաստանի եկեղեցին կը ճանչցուի իբրեւ ամենահին քրիստոնեայ եկեղեցիներու կարգին»:
Շարունակելով պատմական վերաքաղը, ան չի մոռնար շեշտելու, որ իբրեւ Քրիստոնեայ Ազգ՝ Հայերը դարերու ընթացքին հալածանքներու ենթարկուած են կրակապաշտ Պարսիկներու եւ հետագայ դարերուն մահմետականներու ձեռքին տակ:
Խաչակիրներու նահանջելէն ետք, հայերը ենթարկուած են շրջակայ հեթանոս ժողովուրդներու հալածանքներուն:
Յաջորդաբար երկիր ներխուժած են Պաղտատի խալիֆաները, եգիպտական սուլթանները, թաթարական վայրագ ցեղախումբերը: Այս բոլոր ներխուժումներուն ընկերակցած են խիստ հալածանքներ եւ ահաւոր բարբարոսութիւններ: Բայց այս բոլորին դիմաց հայերը հաստատ պահած են իրենց հաւատքը, աւելի քան հազար վեց հարիւր՝ 1600 տարիներու ընթացքին: Հինգերորդ դարուն արդէն Հայաստան կորսնցուցած է իր ազգային անկախութիւնը: 450 թուին պարսիկ թագաւորը հետամուտ էր ամբողջ երկիրը հաւատափոխ ընելու: 450-451 թուականին Եղիշէ պատմիչ իբրեւ մասնակից այն ժողովին, ուր պարսից արքայի պահանջքը մերժուեցաւ հանդուգն պատասխանով մը: Առճակատումը յանգեցաւ անխուսափելի պատերազմի մը Աւարայրի դաշտին վրայ: Անհամեմատ չափով փոքր հայկական բանակը պարտուեցաւ՝ բայց աննկուն կամքի տէր եւ հաստատ հաւատքով հայեր համոզեցին պարսից թագաւորը, թէ իրենք հաւատափոխ պիտի չըլլային:
«Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր Հայ դպրոցներու մէջ եւ այլուր, Վարդանի եւ իր զինակիցներուն անունը կը յիշուի ամէն տարի: Վերջին տարիներուն այս յիշատակի տօնը արգիլուած էր թէ՛ Ցարական Ռուսիոյ եւ թէ Օսմանեան իշխանութեան մէջ: Ժողովրդական աւանդութիւնը դեռ կը պահէ այն հաւատքը, որ Աւարայրի դաշտի մէջ ծլած կարմիր ծաղիկները՝ արդիւնք են Վարդանանց Նահատակներու արեան»:
Հայերը իրենց պատմութեան տուեալներով, վայելած են չորս ժամանակներու մէջ իրենց ազգային անկախութիւնը, տարբեր թագաւորական հարստութիւններու տակ երեք հազար (3000) տարիներու ընթացքին:
Այժմ իրենց անկախութիւնը կորսնցուցած, դարձած են պատերազմական դաշտ-կռուախնձոր:
Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածով, Թուրքիա դրուեցաւ Եւրոպական ուժերու խնամակալութեան տակ: Ասոնց միջեւ մրցակցութեան պատճառով որեւէ բարենորոգում չիրականացաւ: 1894-1896 տարիներուն Սուլթան Համիտի հրամանով կոտորածներ տեղի ունեցան: Այս քաղաքականութիւնը վերջապէս իր դժոխային լրումին հասաւ 1915-1916-ին»:
«Պարզ պատրուակ էր այն, որ Հայերը պատրաստուած էին յեղափոխութիւն մը իրականացնելու: Թրքական խժդժութիւնները այնպիսին էին, որ պիտի արդարացնէին հազար անգամ շատ յեղափոխութիւնները»:
«Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ արդիւնքը չէր մոլեռանդ խաժամուժի կողմէ գործադրուած, այլ Կոստանդնուպոլիսէն հրահանգուած եւ կանխամտածուած քաղաքական ծրագիրի մը անխիղճ իրականացումն էր:
Ջարդերու ընթացքին երբ որ Օգնութեան Կարմիր Խաչի բոյժքոյրերէն մին կը պաղատի թուրք պաշտօնակատարներէն մէկուն, անոր պատասխանը կ՛ըլլայ, «կիները գործ չունին քաղաքական գործերու միջամուխ ըլլալու»:
Դոկտ. Ճէմս Լ. Պարթօն, քարտուղարը արտերկիրի Ամերիկեան Յանձնաժողովի եւ նախկին նախագահը Թուրքիոյ մէջ գործող Եփրատ Գոլէճին, ըսած է այսպէս-
«Գիտեմ, որ Հայերը ժառանգականօրէն եղած են եկեղեցասէր, աշխատասէր եւ հաւատարիմ: Անոնք արեւելեան Թուրքիոյ անկլօ-սաքսոններն են:
Անոնք որեւէ կերպով ուրիշ ազգերէ աւելի ցած չեն մտաւոր կարողութեամբ: Ասիկա կ՛ըսեմ ութը (8) տարի Եփրատ Գոլէճի հետ իմ փորձառութեամբ, ուր շարունակաբար 550-625 ուսանողներ ունեցած ենք եւ իբրեւ վերահսկիչ դպրոցներու, ուր անոնցմէ 4000 չորս հազարէն աւելի ուսանողներ կային»:
Նորին Վսեմութիւն Անտրիւ Ա. Ուայթ ըսած է- «Անիկա – Հայ ազգը- լաւագոյն ցեղերէն մին է աշխարհի վրայ ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ մտաւոր կերպով: Եթէ ինծի հարցնէին, ցոյց տալ կամ անուանել ամէնէն փափաքելի ցեղը ներգաղթողներու ցանկի վրայ՝ որպէս յաւելում Ամերիկեան բնակչութեան, ես այդ ցանկի վրայ առաջիններէն պիտի դնէի Հայերը»:
Լորտ Պրայս ըսած է – «Անոնք զօրաւոր ցեղ մըն են, ոչ միայն իրենց աշխոյժ ջիղերով եւ կազմուածքով, ֆիզիքապէս գործունեայ եւ ուժեղ, այլ նաեւ իրենց բացայայտ ուղեղի զօրութեամբ: Արեւմտեան Ասիոյ մէջ բնակողներուն մէջ իրենք առաջինն են ընդունակ մտաւորական կարողութիւններով եւ ատակ բարոյական յառաջդիմութեան ո՛ւ բնական կամքին ե՛ւ նպատակի տէր, աւելի առաջ քան իրենց դրացիները, ոչ միայն թուրք, թաթար, քիւրտ եւ պարսիկ ցեղերէն բայց նաեւ ռուսերէն»:
«Եթէ ուշադիր նայիք պատմական ընթացքին Արեւելեան, Հռոմէական, Բիւզանդական կայսրութեան, պիտի գտնէք, որ շատ թիւով մարդիկ որոնք առաջացան պատուակալ դիրքերու՝ իբրեւ զօրավարներ, քաղաքական գործիչներ միջնադարու սկիզբները հայկական ծագում ունէին: Նոյնն էր նաեւ թրքական–օսմանեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին Եւրոպայի մէջ: Նոյնը ճիշդ է նաեւ ռուսական ծառայութեան մէջ: Լամարթին հայերը կոչած է «Արեւելքի Զուիցերիացին»: Տուրաւիէ զանոնք բաղդատած է «Հոլանտացիներու հետ»: Տիկին Իզապէլլա Պըրտ Պիշըբ հռչակաւոր ճանապարհորդը ըսած է – «Անոնք ամենակարող, աշխոյժ, գործարար եւ առաջ շարժող ցեղն են Արեւմտեան Ասիոյ մէջ, ֆիզիքապէս գերազանց եւ մտքով սուր ու աւելին՝ անոնք ցեղ մըն են, որոնց կարելի է մեր մակարդակին բարձրացնել, անոնց ճարպիկութիւնը եւ գործի առնչութեամբ կարողութիւնը նկատելի է եւ այն ինչ որ գոյութիւն ունի Փոքր Ասիոյ, մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ իրենց ձեռքն է»:
Երեսուն հինգ տարիներու ուսուցչական փորձէ ետք Դոկտ. Սայրըս Հէմլին գրած է- «Հայերը ազնուական ցեղ են»: Դոկտ. Կրէյս Ն. Քիմպըլ, որ տարիներով ապրեցաւ Հայաստանի սիրտին մէջ, զանոնք կոչած է «Ցեղ մը, որ հարուստ է գործարար եւ առաջդիմական ոգիով»: Նոյնը կ՛ըսէ նաեւ վերապատուելի Ֆրէտէրիք Տ. Կրին, ծնած եւ մեծցած իրենց (Հայերու) մէջ: Օրդ. Ֆլորէնս Հոֆէնշամ, որ տարիներով նախագահը եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Ամերիկեան աղջկանց գոլէճին, վկայած է, որ իր ուսանողուհիները ոչ միայն կարող, այլ նաեւ հաւատարիմ եւ վստահելի եղած են:
Հ.Ֆ.Պ. Լինչ վկայած է, թէ «Հայ ժողովուրդը կարելի է դասել փոքրաթիւ ցեղերու կարգին, որոնք ատակ են բարձր մշակոյթի»: Խօսելով Արեւմտեան յառաջդիմական գաղափարներու Արեւելքի մէջ տարածման մասին ան ըսած է- «Խօսելով Հայերու մասին անոնց մէջ ունինք մասնաւորաբար ատակ, միջնորդ դառնալու այդ երկուքին միջեւ: Անոնք կ՛արտայայտեն կրօնական նոյն հաւատքը, ծանօթ են մեր շատ ընտանի կարգ մը իտէալներուն եւ կ՛իւրացնեն իւրաքանչիւր Եւրոպական մշակութային արտադրանքը այնպիսի խանդավառ եւ ամբողջական առումով, որ ոչ մէկ ուրիշ ցեղ Հնդկաստանէն մինչեւ Միջերկրական կարող եղած է փաստը ցոյց տալ իբրեւ մրցակից: Այս արժանիքները անոնք դրսեւորած են նոյնիսկ ամենածանր պայմաններու տակ»:
Վերապատուելի Էտուին Մ. Պլիս ճշմարտօրէն ըսած է– «Անոնք որոնք կը ճանչնան այս ցեղը, աւելի լայնօրէն եւ աւելի մտերմօրէն, կը գնահատեն զայն աւելի բարձրօրէն»:
Տիկին Ճուլիա Ուորտ, որ նախագահն էր «Հայաստանի Բարեկամներու ընկերակցութեան» , գրած է- «Կարգ մը ամերիկացիներ նախապաշարուած են Հայերու նկատմամբ , շփման մէջ գալով կարգ մը յուսալքուած Կոստանդնուպոլսեցի Հայերու հետ, բայց այդ քաղաքի նկարագիրի աղաւաղումը տարածուած է բոլոր ազգերու վրայ»: Ինչպիսի յստակ տարբերութիւն կը բնորոշէ Պոլսահայերու եւ Տաւրոսեան կամ Էրզրումի Հայերու միջեւ: «Վերջինները- կ՛ըսէ ան- իրաւամբ եղած են օրրանը ցեղին, ուր անկախ եւ ասպետական նկարագիրը այս ժողովուրդին՝ մնացած է բաղդատաբար աւելի անաղարտ եւ քիչ փոխուած դարերու ընթացքին»:
Հայերու մեծամասնութիւնը պարզ եւ աշխատասէր հողագործներ եղած են ու ապրած՝ ներքին գաւառներու մէջ եւ ինչ որ Լորտ Պայրըն տարիներ առաջ ըսած է իրենց մասին, այսօր ալ ճշմարիտ կը հնչէ- «Թերեւս դժուար պիտի ըլլայ գտնել ազգի մը պատմութեան մէջ աւելի նուազ ոճրագործութիւն, որուն առաքինութիւնն է խաղաղ ապրիլ եւ որուն ժխտական դրսեւորումները արդիւնք եղած են իրենց վրայ գործադրուած ճնշումներուն»:
Երբ վերջին սարսափելի դէպքերը սկսան, այն հայերը որոնք կրցան սահմանը անցնիլ, ապաստան գտան հարիւր հազարներով եւ խճողուեցան Ռուսիոյ, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Սուրիոյ մէջ, ամէն ինչէ զրկուած եւ մահացող ճանճերու պէս: Պահանջքը (օգնութեան) յուսահատական է եւ ահաւոր չափերով:
Նպաստի օգնութիւնը պէտք է ղրկուի հետեւեալ հասցէին- Charles R. Grene – 70 Fifth Avenue, New York, NY
* * *
Ծանօթ. Թարգմանիչէն–
Վերոյիշեալ անուններն ու վկայութիւնները նպատակ ունէին ոչ միայն Ամերիկեան ժողովուրդի սիրտը շարժել՝ այլ նաեւ պատասխանել անոնց, որոնք այդ շրջանի եւ յաջորդող տասնամեակներուն, հարցականի եւ կասկածի տակ առած էին Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, զայն ներկայացնելով իբրեւ ոչ Հնդեւրոպական ցեղախումբ եւ հետեւաբար զանոնք զրկել ներգաղթելու արտօնութենէ: Հարցը մինչեւ դատարան ներկայացուեցաւ: Հայերը սակայն հաստատեցին իրենց Հնդեւրոպական-Կովկասեան ինքնութիւնը: Աւելի բացայայտ ըսելով – հիմնականօրէն փաստեցին սպիտակ ցեղին իրենց պատկանելիութիւնը:
* * *
Հայ բանաստեղծական անդաստանէն բաւական ընդարձակ եւ ներկայացուցչական հաւաքածոյ մըն է այս թարգմանութիւնը, որ իր ժամանակին մեծ գնահատանքով ընդունելութիւն գտաւ: Առաջին հրատարակութեան առթիւ մեծ թիւով եւ ազդեցիկ թերթեր իրենց խօսքը ըսին ինչպէս՝ «Պոսթըն փոստ», «Ֆիլատելֆիա Փրես», «Պոսթըն Ճըրնըլ», «Սան Ֆրանսիսքօ Քրոնիքըլ», «Նիւ Եորք Ճըրնըլ», «Գոնկրըկէշընիսթ», «Պոսթըն Ատվըրթայզըր», «Պոսթըն Դրանսգրիբդ», «Պաֆըլօ Գօմըրշըլ», «Պոսթըն Թայմզ», «Շիքակօ Փոսթ», «Շիքակօ Ինթըր Օշըն», «Նիւ Եորք Գոմըրշըլ Ատվըրթայզըր», «Պոլթիմոր Մէթօտիսթ», «Քրիսչըն Ուորք», «Հարթֆըրտ Գարընթ», «Քրիսչըն Ռէճիսթըր»... եւայլն:
Ամերիկայի երկու ովկիանոսներու միջեւ տարածուած քաղաքներու մէջ, ժամանակին լոյս տեսնող ազդեցիկ թերթերու գնահատանք-արձագանգը միայն կարելի է որակել տպաւորիչ: Պէտք է նշել նաեւ, որ այս հրատարակութիւնը իր բարերար ազդեցութիւնը ունեցած է՝ ոչ միայն Հայանպաստ մթնոլորտ մը զարգացնելու մէջ, այլեւ մեծապէս սատարած է թէ՛ քաղաքական եւ թէ նիւթական նպաստ ձեռք բերելու Հայ Դատին:
Այս մասը կը փակենք հետեւեալ մէջբերումով- «Օրղ. Ալիս Ֆլէշըր կը գրէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գումարուած «Գրական Խմբակ»ի հաւաքոյթի մասին: Այդ առիթով կարդացի կարգ մը գեղեցիկ թարգմանութիւններ հայ բանաստեղծութենէ: Մեծապէս հրճուեցայ ընթերցումին առթած հետաքրքրութեան եւ խանդավառութեան համար: Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Դոկտ. Ուիլիըմ Թ. Հարիսի բնակարանին մէջ: Կրթութեան նախարարի կողքին ներկայ էին նաեւ շատ մը ուսեալ եւ հռչակաւոր մարդիկ, որոնք «Գրական Խմբակ»ի մաս կը կազմեն: Հայ բանաստեղծութիւնը բոլորովին նոր իրականութիւն մըն էր գրեթէ բոլորին եւ շարժեց անոնց հետաքրքրութիւնը Հայ ժողովուրդի վերաբերեալ՝ նոր ձեւով եւ նոր ընթացքով»:
Գիրքին մէջ թարգմանաբար տեղ գտած են մեր միջնադարեան մեծերէն Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Սայեաթ Նովա, եւ աւելի նորերէն Պետրոս Դուրեան, Միքայէլ Նալպանտեան, Խորէն Նարպէյ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Ռաֆֆի, Ջիվանի, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Արշակ Չոպանեան, Յովհաննէս Թումանեան, Սիպիլ, Խրիմեան Հայրիկ, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Միհրան Տամատեան, Եղիշէ Պատմիչէն Հատուած մը «Տիկնայք Փափկասունք» եւ շատ ուրիշներ:
Հատորը կ՛արժէ վերահրատարակել օֆսէթ դիւրամատչելի տպագրական միջոցներով: Ով որ քաջ է… ի՞նչ կը սպասէ:
Դեկտ- Յնվ. 2015-2016