Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ երէկ տարածուած տեղեկատուութիւնը առ այն, թէ իբր հայկական ուժերը Մարտ 3-ի լոյս 4-ի գիշերը փորձած են մօտենալ իրենց դիրքերը, սակայն կորուստներ կրելով յետ նահանջած, հակառակորդ երկրի ռազմական գերատեսչութեան քարոզիչներու հերթական վառ երեւակայութեան արդիւնքն է:
Աւելին, երէկ ժամը 15:20-ի սահմաններուն հակառակորդը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ կիրառած է տարբեր տրամաչափի ականանետեր: ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը ատրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած է պատժիչ գործողութիւններու եւ վերջինիս ստիպած ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը սրելու յետագայ քայլերէ: