Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Արցախի Ճարտար Գիւղին Մէջ Նոր Եկեղեցի Կը Կառուցուի

«Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»ն ու նոյն կազմակերպութեան հիմնադիր-ղեկավար, ռուսաստանաբնակ բարերար Վլատիմիր Աւագեան, վերջին տարիներուն կ՛իրականացնեն Արցախի զարգացման ուղղուած ներդրումային մեծ ծրագիրներ: Հիմնադրամին նպատակը արցախցիներու աւելի բարեկեցիկ կեանք ապահովելն է, յատկապէս հոգեւոր, կրթական, առողջապահական եւ մշակութային հիմնարկներու կառուցումն ու վերանորոգումը:

Հիմնադրամի միջոցներով Արցախի Մարտունի շրջանի Ճարտար գիւղի փոքրիկներուն համար, 100 աշակերտ ընդունող մանկապարտէզ կառուցուած է, վերանորոգուած է տեղամասային բժշկական կեդրոնը, քաղաքապետարանի շէնքը, ընթացքի մէջ է եռայարկ երկու բնակելի շէնքերու շինարարութիւնը:

2015-ին Ճարտարի մէջ հիմը դրուեցաւ նոր կառուցուող եկեղեցիին: Սուրբ Վարդանանց եկեղեցին կը կառուցուի Ճարտարի կեդրոնական հատուածին մէջ։ Շինարարութեան պատուիրատուն «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»ն է, իսկ վերահսկողութեան պատասխանատուն` ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան Քաղաքաշինական պետական տեսչութիւնը: Եկեղեցւոյ շինարարութեան ընթացքին պետութիւնը պիտի տրամադէ տեղական շինանիւթ: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել 2017 թուականին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին