Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ – Հ.Ե.Ը Մշակութային միութեան եւ գործակցութեամբ իտալական մշակութային կէդրոնի, Ուրբաթ 26 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Տէմիրճեան սրահին մէջ Տպայէ՝ տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական Jazz – ի երեկոյ մը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Պրն. Վազգէն Մուղալեան: Ան անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով շատ հակիրճ ձեւով ներկայացուց այդ օրուայ ելոյթին միտք բանին:
Պրն. Մուղալեան նախ պատմականը ըրաւ Jazz երաժշտութեան, թէ ուրկէ ծնունդ առած է եւ ինչ վերիվայրումներու ենթարկուած է, եւ քանի տեսակ Jazz երաժշտութիւններ կան, բայց ան կեդրոնացաւ այդ օրուայ trio Jazz երաժշտութեան վրայ, որ բոլորովին տարբեր էր: Ապա պարոն Մուղալեան բեմ հրաւիրեց իտալական մշակոյթի կեդրոնի Տնօրէն Պրն. Ետուարտօ Քրիզաֆուլի, որ իր սրտի խօսքը ըսէ:
Այդ օրուայ trio Jazz-ը կը բաղկանար դաշնամուրէ, ձեռնադաշնակէ եւ արաբական ուտէ, բոլորովին տարբեր մեզի ծանօթ Jazz երաժշտական գործիքներէ, որոնք հիմնականօրէն կը բաղկանան դաշնամուրէ, բջողական գործիքներէ, թմբուկէ (drums) եւ կիթարէ (guitar): Ձեռնարկը սկսաւ ճիշդ ճամը 8:30ին, սրահը խուռներամ լեցուն էր երաժշտասէրներ, մասնաւորաբար Jazz երաժշտութիւն սիրողներով, որվհետեւ ինքնին Jazz երաժշտութիւնը բաւական ծանր երաժշտական ձեւ մըն է, որ կը կեդրոնանայ յանկարծաբանութեան (improvisation) վրայ, այսինքն հանդիսատեսը ունկնդրած ատեն պէտք է ապրի այն ինչ, որ երաժիշտը կը զգայ, եթէ ունկնդրողը կարենայ այդ նոյնութիւնը ընկալել, արդէն իսկ մեծ հաճոյք կը ստանայ:
Ինչո՞ւ համար վերնագիրը որոշուած էր Միջերկրականեան երկխօսութիւն, որովհետեւ երեք երաժիշտներն ալ ծնած են Միջերկրական ծովու աւազանին շուրջ, դաշնակահարը՝ Սթեֆանօ Մարուիզին (Stefano Maurizi) ծնունդով իտալացի է, բայց անոր արմատները Լիբանանէն են: Ձեռնադաշնակահարը՝ Լուսիանօ Պիոնտինին (Luciano Biondini) բնիկ իտալացի է, իսկ արաբական ուտ նուագողը՝ Մուհամէտ Ապուզաքին եգիպտացի է:
Ձեռնարկի ընթացքին այս երեք երաժիշտները նուագեցին իրենց ստեղծագործութիւններէն բունջ մը՝ մօտաւորապէս 10 երաժշտական կտորներ, ուր իւրաքանչիւր երաժիշտ իր մենակատարութեան բաժինը ունէր եւ տեղւոյն վրայ կը ստեղծագործէր: Իսկապէս շատ հաճելի էր լսել նման երաժշտական կտորներ, մանաւանդ ձեռնադաշնակը հրաշք կը գործէր, իսկ արաբական Ուտը վայրկեանի մը համար մեզ տարաւ Եգիպտոսի անապատները, այդ երազային աշխարհը, իսկ դաշնակահարը, որ խումբին ղեկավարն էր ուղղակի հմայիչ էր, երբեմն ստեղնաշարերէն դուրս կ’ելլէր եւ ուղղակի դաշնակի պղնձեայ թելերով կը նուագէր: Շատ բարձրորակ Jazz-ի երեկոյ մըն էր, որ վայելեցինք գործակցութեամբ Իտալական մշակութային կեդրոնին։ Այստեղ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ ամիս մը առաջ նաեւ Տէմիրճեան սրահին մէջ վայելեցինք Վենետիկեան Տօնախմբութիւնը (Venecian Carnaval), որ նաեւ հոյակապ համերգ մըն էր, իսկ մեր գործակցութիւնը Իտալական մշակոյթի կեդրոնին հետ նոր չէ, որ սկսած է, այլ 90ական թուականներէն է, որ մենք կը գործակցինք:
Վարձքը կատար բոլոր մեր երաժիշտներուն եւ թէ քուլիսներու ետին աշխատող տղոց, որոնք այսպիսի բարձրորակ համերգ մը հրամցուցին երաժշտասէր հանրութեան: