Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Պատառիկներ ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն Ցտեսութիւն՝ Իմ Կորուսեա՜լ Հայրենիք

*ՎԱՐԴԳԷՍ  ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

20 Յուլիս 2014

Առաւօտ կանուխ պանդոկին առջեւ եռուզեռ կար։ Երեւոյթ մը, որ շատ բնական էր այդ փողոցին համար։ Մեզի համար սակայն այդ օրը տարբեր իմաստ ունէր։ Վերջին քանի մը ժամերը պիտի անցնէինք այն քաղաքին մէջ, ուր Արեւմտահայութեան մեծերն էին ապրեր։ Քանի մը ժամ ետք պիտի մեկնէինք օդանաւակայան՝ Լոս Անճելոս վերադառնալու։

Յուլիս 5 – 20 Իսթանպուլի, Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի տեսարժան վայրերը այցելած էինք որպէս «ուխտագնացներ»։

Տխրութիւն մը պատած էր մեր հոգիները։ Տխրութիւն՝ ոչ թէ անոր համար, որ մեր «պտոյտ»ը իր լրումին հասած էր, այլ հարազատէ, «տունէդ» բաժնուելու մելամաղձոտութիւնը խորհրդանշող ցաւը։ Խոնաւ էին մեր աչքերը։ 15 օրերու ընթացքին սերտ բարեկամութիւններ հաստատած էինք, այսօր պիտի բաժնուէինք իրարմէ, սակայն կրնայինք նորէն հանդիպիլ իրարու մեր քաղաքներուն մէջ։ Մեր «տխրութիւն»ը ուրիշ տեղերէ կու գար։

Մեր հոգիներուն խորը վի՛շտ կար ու կարօտ, բարկութիւ՛ն կար ու ցասում, բողո՛ք կար ու ատելութիւն, վրէ՛ժ կար ու հուրը պայքարի, սու՛գ կար եւ աղօթք, հաւա՛տք կար եւ յուսախաբութիւն, ցա՛ւ կար ու ցաւցնելու՛ տրամադրութիւն։

Մեր ուխտագնացութեան ճանապարհը անցած էր այն ճամբաներէն, ուր մեր նախնիները տակաւին 99 տարիներ առաջ կենդանի էին եւ երազող՝ իրենց շէնշող կեանքը ապրելու։ Տակաւին 99 տարիներ առաջ, կեանք կար հոն ու ծիծաղ, սէր կար հոն ու համբոյր, խունկ կար հոն ու աղօթք։ Տակաւին 99 տարիներ առաջ, գիւղացին իր եզերը գործի մղած, գութանին ետեւէն իր «Հորովել»ը կ՛երգէր, իր արտը կը հերկէր, կը ցանէր ու կը հնձէր։ Աղջիկները մեր հեզաճկուն, կուժերը շալկած աղբիւր կ՛երթային, եւ հոն՝ հայ կտրիճներուն հանդիպելով անոնց գաղտագողի նայուածքներու ետին՝ սէրն ու կիրքը կ՛աճէր տակաւ։ Միայն 99 տարիներ առաջ, մինչ հայ մայրերը թոնիրին առջեւ հաց կը թխէին, չարաճիճի մանուկները վառվռուն, գիւղի փոշոտ փողոցներուն մէջ, օդը կը լեցնէին ճիչերովն իրենց ուրախ։ Ե՞րբ էր տակաւին, երբ Կիրակի օրերուն եկեղեցիներուն մէջ մեր օրհնուած,  խունկի անուշաբոյր գուլաներուն հետ մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն աղօթքները շարականներուն պլլուած՝ «գուլայ գուլայ» կը բարձրանային առ Աստուած։

Մենք քալեցինք այն փողոցներէն ուրկէ Զօհրապներն ու Վարուժաններն էին քալեր, այն մայթերէն՝ ուրկէ Սիամանթoնaa եւ Հրանդ Տինքն էին քալեր, այն արահետներէն՝ ուրկէ մեր Զարթօնքի սերունդին հսկաներն էին քալեր։

Մենք ապրեցանք անթեղուած խոյանքը մեր Մեծերուն եւ ճախրանքը՝ Անոնց երազներուն։

Մենք տեսանք աւերուած երկիրը մե՛ր պապենական։

Մենք լսեցինք աղիողորմ ճիչերը մեր լլկուող հարսերուն ու ողբը մեր մայրերուն, աղերսանքը մեր մանուկներուն ու ցասումնալից բողոքները անզօր մեր հայրերուն։

Մեր ռունգերը լեցուեցան արեան բոյրովը մեր նահատակներուն ու ծուխի հոտերովն այրող մեր աղուո՜ր գիւղերուն։

Մեր ոտքերը մխրճուեցան արեան լիճերուն ու հոսող գետերուն մէջ կարմիր, տեսանք մաքուր արիւնը սուրբ՝ բիւրաւոր մեր մեռելներուն։ Տեսանք դիակները մեր կոյսերուն՝ որոնք ալեկոծուած Եփրատին ապաւինեցան իրենց սուրբ պատիւը փրկելու։

Մեր գիւղերու աղբիւրներու ջինջ ջուրերուն մէջ մենք տեսանք հայ պարմանուհիներու անուշ դէմքերը հրեշտակային։

Մեր քայլերուն առթած ձայնին մէջ մենք լսեցինք ճարճատիւնը կոտրտուող ոսկորներուն մեր պաշտելի պապերուն։

Մեր աւերուած եկեղեցիներու լուռ պատերէն լսեցինք արձագանգները աղիողորմ ճիչերուն սարսափազդու՝ հոն ապաստանող մեռոնաբոյրaa մանուկներուն, անմեղ մայրերուն ու մամիկներուն, երբ քարիւղով օծանուելով այրեցան անոնք ՝ աղօթելով առ Աստուած, որ երբեք չեկաւ օգնելու Իր Զաւկին Առաջին Հետեւորդներուն։

Եւ հոն, աւերուած պատերուն տակ մեր եկեղեցիներուն, աղօթեցինք խուլ Աստուածներուն մեր կուրցած, Եահուէին եւ Անոր Որդւոյն, հանգստութեանը համար մեր հայրերուն հոգիներուն նահատակ։ Բայց աղօթքները այդ փոթորկոտ, Վերջը չէին պարտականութեանց ընդ նահատակներուն մեր բարի, այլ սկիզբը՝ հրավառ պայքարին մեր Վրիժառու։

Մենք տեսանք դաշտերը մեր հայրենի, ծառն ու ծաղիկները մեր հողին, պարտէզներն ու պտուղները մեր մրգաստաններուն, բերքը բարի մեր հայրենական հողերուն՝ որոնք սակայն կը լափուէին արիւնարբու թշնամիին կողմէ մեր ոխերիմ։

Մենք տեսանք Դուռը Մհերին ժայռացած, լսեցինք զարկերն իր սիրտին ամեհի եւ շառաչիւնն ժանգոտած անոր շղթաներուն, բայց աւա՜ղ, ամուր էր Դուռը ժայռակերտaa այդ մութ բանտին։

Ռուբինեաններուն Տան, Հեթումեաններու Արքայական եւ Բագրատունեաց Հարստութեան բանակներուն որոտումն ու առթած փոշին՝ պլլուած էին տակաւին միտքերուն մէջ մեր ապշած։

Մենք տեսանք Լիճը Վանայ, որ իր սեւցած կապոյտին մէջ տխուր էր եւ սգաւոր։ Կղզին Աղթամար եւ Վանքը մեր Սբ. Խաչի, որ իր խրոխտ բարձունքէն աղերսագին մեզ կը կանչէր աղօթքի։

Աղօթելու՝ բայց Որու՞։ Աղօթելու՝ բայց ինչու՞։

Մենք տեսանք Արարատը մեր Սրբազան, իր բարկութեան մէջ ժայռացած, իր վեհութեան մէջ գեղեցիկ, յաւերժութեան մէջ իր  յուսադրիչ։

Ատանայի «Ողբ»ի մեղեդին օդին մէջն էր տակաւին։

Այնթապի, Վանի, Մուշի եւ Եոզկաթի հերոսներու «թիւֆէնքներէն» արձակուած փամփուշտներուն սուլոցն ու «պարուտ»ի (վառօդ) հոտը տակաւին կը յամենային օդին մէջ։

Անին, ա՜խ այդ Անին։ Նստած կու լար իր փառքի հին օրերը յիշելով։ Իր հազարումէկ եկեղեցիները փառակերտ, անզօր էին փրկելու զինք չարիքէն այդ կործանիչ։

Աւա՜ղ, փառացս անցաւորի։

Կարսի բերդը խրոխտ, բարձունքներէն իր անառիկ, յոյս եւ հաւատք կը ցանէր մեր հոգիներուն մէջ մղկտացող։

Անդրանիկ Փաշայի ձիուն սմբակներուն դոփիւնները կը լսէինք լեռներուն վրայ Էրզրումի։

Սուրբ Վրէժը մեր նահատակներուն պատած էր հոգիները ըմբոստ  մեր հրդեհուած։

Եւ հոգիները մեր ըմբոստ ՝ էին պատրաստ պոռթկալու…։

Մոռնա՞լ՝ Երբե՛ք։

Ներե՞լ՝ Ո՛չ։

Մեղա՜յ, Մեղա՜յ Արարատին։

Եւ մենք, զաւակներն ու թոռները նահատակուած մեր ազգի որբերուն, անգամ մը եւս վճռապէս ուխտեցինք չմոռնալ դժոխային տառապանքը մեր սուրբ նահատակներուն, անբեկանելիօրէն ուխտել անգամ մը եւս, որ օր մը, Օ՜Ր ՄԸ պիտի վերադառնանք Արարատի լանջին ու Սասունի լեռներուն վրայ պիտի պարենք Պարը Սասունցիներուն եւ շուրջպարերը մեր ազգային՝ շուրջն Արարատին։

Կը կրկնեմ։ Եթէ ոչ մենք, ապա մեր զաւակները, եթէ ոչ մեր զաւակները, ապա մեր թոռները, եթէ ոչ մեր թոռները, ապա մեր ծոռերը կամ անոնց թոռներն ու ծոռերը պիտի գան տէ՜ր կանգնելու 5000-ամեայ պապենական հողերուն Նայիրեան մեր այս սուրբ ու նուիրական։

Սրբազան Կտա՛կը մեր թոռներուն՝ Անկարելին Պիտի Ընէք՝ Կարելի՛։

Պիտի գա՛յ այդ արեւաբոյր եւ լուսաշող արշալոյսը կապոյտ, երբ Եռագոյնը պիտի ծածանի Արարատի ծիածանուած Սուրբ Կատարին։

Եւ, մինչեւ հասնինք Կատարին այդ մեր Սուրբ ՝ «Գալ Տարի Վա՛ն»ը պիտի ընենք լոզու՛նգը մեր սրբազան։

* * *

Այս մտորումներով, այս հաւատքով, այս վճռակամութեամբ, տրոփուն սիրտերով վերադարձանք մեր տուները։

Ցտեսութիւն, ի՛մ Հայրենիք։

 

Լոս Անճելըս  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին