Փաստաթուղթը հրատարակութեան պատրաստեց
եւ ծանօթագրեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Այսօր շատ քիչեր, ըլլայ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ գիտեն, թէ խնձորի լաւագոյն տեսակներէն նկատուող «Կոլտըն» տեսակին յայտնուիլը մեր հայրենական պետութեան մէջ` նախաձեռնութիւնն է սփիւռքահայութեան, աւելի որոշակիօրէն լիբանանահայ գործարար եւ հասարակական գործիչ Կարապետ Պապահէքեանին: Վերջինս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն իսկ հանդէս եկաւ երկու յոյժ դրական ծրագիրներով. առաջինը «Հայաստանի Յուշարձաններ Նախապատմական Շրջանէն Մինչեւ 17-րդ Դար Յ. Ք. » շքեղաշուք ու պատկերազարդ ալպոմին հրատարակութիւնն ու տարածումն էր (հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Պէյրութ, տպարան «Թեքնոփրէս», 1975, 56 + 264 էջ), երկրորդը խնձորի «Կոլտըն» եւ «Սթարքըն» տեսակներու տնկիներուն առաքումը Երեւան: «Կոլտըն» տեսակի խնձորենին շուտով յարմարեցաւ հայրենական կլիմային` կազմելով զարդը բազմաթիւ այգիներու, մանաւանդ Աշտարակի ու մօտակայ շրջաններուն մէջ: Իր տեսքով եւ մանաւանդ համով ու բոյրով, ան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը նկատուի խնձորներու թագուհին եւ մեծ պահանջարկ ունի հայաստանցի սպառողին քով: Սակայն մեզի անյայտ պատճառներով, այս յաջողութիւնը վերագրուեցաւ օրուան ղեկավար` Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի առաջին քարտուղար Կարէն Տեմիրճեանին, եւ խնձորի այդ տեսակը ժողովուրդին, յատկապէս գիւղացիութեան մէջ ամրագրուեցաւ… «Տեմիրճեան» անունով ու այդպէս ալ կը ճանչցուի տակաւին: Այս համագործակցութեան մէջ էական դեր կատարեց Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն` իր նախագահով, բաժինի վարիչով ու աշխատակիցներով՝ ապացուցելով, որ այդ կառոյցը թէեւ առերեւոյթ հասարակական կազմակերպութիւն է, սակայն կը զբաղի ՊԵՏԱԿԱՆ լրջագոյն գործերով, եւ ոչ միայն … մշակութային կապով:
Այս օրինակը ցոյց կու տայ, որ սփիւռքահայութիւնը Հայրենիքին կրնայ օժանդակել ոչ միայն զուտ դրամական միջոցներով, այլեւ կրնայ զարգացնել նոյնիսկ գիւղատնտեսութիւնը, որ գիւղացիութեան հիմնական զբաղմունքն է, իսկ գիւղացիութիւնը որեւէ երկրի պարէնային ու ժողովրդագրական անվտանգութեան հիմքն է, նաեւ ազգային մշակոյթին հիմնական պահպանողը:
Յանուն պատմական ճշմարտութեան այստեղ կը հրապարակենք այս համագործակցութեան մասին քանի մը փաստաթուղթեր: Անոնք կը պահպանուին Հայաստանի Ազգային Արխիւի` Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի արխիւին մէջ (ֆոնտ թիւ 875):
Ուղղահայեաց փակագիծերու մէջ [] կատարած ենք լեզուական կամ այլ աննշան յաւելումներ: Աբեղեանական ուղղագրութիւնը վերածած ենք դասական ուղղագրութեան:
Կարապետ Պապահէքեանի նամակը[1] Վարդգէս Համազասպեանին[2]
Պէյրութ, 27 Հոկտեմբեր 1977
Մեծայարգ Տիար Վարդգէս Համազասպեան,
Նախագահ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի, Երեւան
Յարգարժան Նախագահ,
Հաճոյքն ունիմ Ձեզի հաղորդելու թէ այս ամսուան` Հոկտեմբերի 11-ին Ձեզի ուղարկեցի «Հայաստանի Յուշարձաններ» հատորէն 1200 օրինակ Աէրոֆլոթի[3] միջոցաւ[`] հիմնարկի պատասխանատուներէն Պր. Լեւոն Լեւոնեանի կարգադրութեամբ: Շուրջ 2 ամիս առաջ ուղարկած էի արդէն 400 օրինակներ: Վստահ եմ որ ստացած էք ցարդ ուղարկուած 1600 օրինակները:
Խնդրած էի Ձեզմէ, Յարգարժան Նախագահ, որ բարի ըլլայիք 100 օրինակ յանձնելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Հայրապետին: Կը յուսամ թէ Վազգէն Կաթողիկոսը ստացած կ’ըլլայ յիշեալ օրինակները:
Այսօր ունիմ նոր առաջարկութիւն մը: Կը փափաքիմ Ձեզի ուղարկել 100 հատ խնձորենիի ծառատունկեր, կոլտըն եւ սթարքըն տեսակներէն: Տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ աճեցուած այս խնձորենիները, ընդհանրապէս լեռնային շրջաններուն մէջ, շատ լաւ արդիւնք տուած են: Վստահաբար Հայաստանի լեռնային շրջաններու կլիմայական ու հողային պայմաններու մէջ աւելի լաւ արդիւնք պիտի տան:
Ուստի պիտի խնդրէի որ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնները եւ նախապատրաստութիւնները տեսնելէ ետք հաճէիք հաղորդել ինծի թէ ո՞ր եղանակին նպատակայարմար է ուղարկել ծառատունկերը, որպէսզի օգտագործուին անմիջապէս[`] չենթարկուելու համար չորնալու վտանգին:
Այս առաջին փորձէն ետք եթէ մշակումը յաջողութիւն գտնէ[,] ես պատրաստ եմ ամէն տարի նոյն քանակութեամբ եւ աւելի ծառատունկեր ուղարկելու Ձեզի:
Պիտի խնդրէի նաեւ որ այս ծառատունկերէն 20 հատը բարի ըլլայիք յանձնելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին:
Սպասելով Ձեր շուտափոյթ պատասխանին[`] կը մնամ յարգանքով` Կարապետ Պապահէքեան[4]
Յ. Գ. Ներկայ նամակին մէկ պատճէնը կ’ուղարկեմ Վեհափառին:
Հեռաձայն 267188 – Պէյրութ – Լիբանան
(Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 875, ցուցակ 8, գործ 135, թերթ 41: Մեքենագիր: Բնագիր:)[5]
Գործին, այսինքն` թղթածրարին մէջ առկայ է նաեւ պատճէնը Կարապետ Պապահէքեանի` Վազգէն Ա.ին ուղղած նամակին` յիշեալ հատորին եւ խնձորի ծառատունկերուն մասին.
Կարապետ Պապահէքեանի նամակը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին
Պէյրութ, 28 Հոկտեմբեր 1977
Ն. Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Վազգէն [Ա.]
Ազգընտիր Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,
Ս. Էջմիածին,
Վեհափառ Տէր,
«Հայաստանի Յուշարձաններ» հատորէն օրինակ մը Ձերդ Վեհափառութեան ուղարկեր էի ժամանակին: Դժբախտաբար գիրքին ստացումի եւ ցրուումի աշխատանքները զուգադիպեցան Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ու կարելի չեղաւ ժամանակին աւարտել զանոնք:
Օգտուելով երկրին մէջ հետզհետէ զարգացող բնականոն պայմաններէն, առաջին առիթով Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահին ուղարկեցի 1600 օրինակներ, խնդրելով, որ 100 օրինակ յանձնուի Ձերդ Վեհափառութեան: Կը փափաքիմ, ինչպէս ներփակուած նամակի[6] պատճէնէն կը հասկցուի, ուղարկել նաեւ ծառատունկեր, խորհելով որ կրնան օգտակար ըլլալ Ս. Էջմիածնին:
Որդիական ակնածանքով մատչելով ի համբոյր Վեհափառութեանդ Ս. Աջոյն`
Կարապետ Պապահէքեան[7]
(Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 875, ցուցակ 8, գործ 135, թերթ 42: Մեքենագիր: Պատճէն:)
Տարօրինակօրէն, թղթածրարին մէջ պահպանուած է Սփիւռքի Կոմիտէին ուղղուած Կ. Պապահէքեանի նամակի պատասխանին ոչ թէ մեքենագիր պատճէնը, ինչպէս սովորութիւնն էր, այլ` պատասխանին ձեռագիրը` առանց անոր շարադրանքի թուականին: Այդուհանդերձ, դատելով բովանդակութենէն, նամակը պէտք է կրած ըլլայ 1977-ի Դեկտեմբերի կէսի օրերէն մէկուն թուականը: Շատ հաւանաբար, ձեռագիր գրութեան հեղինակը Սուրէն Նադրեանն է:
Սփիւռքի Կոմիտէի պատասխան նամակը Կարապետ Պապահէքեանին
Յարգելի բարեկամ[,]
Ստացել ենք Հոկտեմբերի[8] 27-ի Ձեր նամակը:
Շնորհակալութեամբ ստացել ենք «Հայաստանի Յուշարձաններ»-ի 1600 օրինակները, որից 100 օրինակ, Ձեր ցանկութեանը համաձայն, յանձնել ենք Էջմիածնի կաթողիկոսարանին:
Ողջունելի է Հայրենիքում[9] լիբանանեան խնձորենիներ աճեցնելու մտայղացումը: Մեզ մոտ ծառատունկն արւում է Մարտի վերջերին կամ Ապրիլի սկիզբներին[`]նայած ձմեռուայ խստութեանը:
Աւելի ճիշդ կը լինի, որ առաջին հերթին նկատի առնուեն Լիբանանի պայմանները եւ տնկիները ուղարկուեն մինչ ծլելը (հաւանաբար Փետրուար ամսին):
Մեզ մօտ հնարաւոր կը լինի դրանք պահպանել ջերմոցում, մինչեւ եղանակի տաքանալը:
Ամանորեան լաւագոյն մաղթանքներով`
(Հայաստանի Ազգային Արխիւ, ֆոնտ 875, ցուցակ 8, գործ 135, թերթեր 40 – 40 ա դարձերես: Ձեռագիր:)[12]
[1] Նամակը մեքենագրուած է Կ. Պապահէքեանի պաշտօնաթուղթին վրայ:
[2] Վարդգէս Համազասպեան (1911, Վաղարշապատ – 1992, Երեւան) – Պատմաբան, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի առաջին նախագահը (1964-1985):
[3] Աէրոֆլոթը տուեալ ժամանակաշրջանին սովետական օդանաւային պաշտօնական միակ ընկերութիւնն էր:
[4] Անուան տակը դրուած է Կ. Պապահէքեանին ստորագրութիւնը:
[5] Փաստաթուղթը Սփիւռքի Կոմիտէ մուտք եղած է 11 Նոյեմբեր 1977-ին` 1938 թուահամարի տակ: Թուղթին վերը, ձախին, Վարդգէս Համազասպեանը հաւանաբար 18 (ձեռագիրը այդքան ալ յստակ չէ) Նոյեմբեր 1977-ին մակագրած է. «Ընկ. Կոզմոյեանին – Կազմել պատասխան [մէկ անընթեռնելի բառ] յատուկ ակտ` [մէկ անընթեռնելի բառ, հաւանաբար` «եւ»] մէկ հարիւր օրինակ /100/ ուղարկել Էջմիածին[`] Վազգէն I-ին»: Այդ օրերուն Սփիւռքի Կոմիտէի Ասիոյ եւ Ափրիկէի Երկիրներու Բաժինի վարիչ Ռոմէն Կոզմոյեանը 28 Նոյեմբեր 1977-ին մակագրած է. «Ընկ. Նադրեան – Նամակի պատասխանն ուղարկուած է: 2-րդ օրինակը կցել [գործին]»: Սուրէն Նադրեանը, Լիբանանէն հայրենադարձ, յիշեալ բաժինին աշխատակիցներէն էր:
[6] Նկատի ունի Վարդգէս Համազասպեանին ուղղուած իր 27 Հոկտեմբեր 1977 թուականը կրող նամակը:
[7] Քանի որ նամակի պատճէն է, ստորագրութիւնը կը բացակայի: Թուղթին վերը, ձախին, կարմիր թանաքով շեղակի մեքենագրուած է` «ՊԱՏՃԷՆ»:
[8] Հոս եւ յետոյ ամիսներու անուններուն գլխագրումը իմն է:
[9] Գլխագրումը իմն է:
[10] Դժուար ընթեռնելի երկու տառեր են: Կ’ենթադրենք որ պէտք է ըլլան Ս. Ն.` ձեռագիր գրութեան հաւանական հեղինակին` Սուրէն Նադրեանի անուան սկզբնատառերը կամ Ռ. Կ.` Ռոմէն Կոզմոյեանի անուան սկզբնատառերը:
[11] Վարդգէս Համազասպեանի անուան սկզբնատառերն են:
[12] Թիւ 40 թերթին վերը, ձախին, բուն շարադրանքին վրայ Ռոմէն Կոզմոյեանը 18 Դեկտեմբեր 1977-ին մակագրած է. «Ընկ. Նադրեան – Պատասխան նամակն ուղարկուել է Բ[արունակ] Թովմասեանի միջոցով, II[-րդ] օրինակի հետ կցել գործին»: