Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Բարին Ընդդէմ Չարին Մտորումներ Ընկ. Վահագն Քիրիշճեանի Բարի Յիշատակին Առջեւ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

«Բարի» բառը այնքան կարևոր է մարդու կեանքին մէջ, որ կը բնութագրէ ոչ միայն մարդուն եւ անոր արարքները, այլ աւելի լայն իմաստով է որ կ՛օգտագործուի: Օրինակ` հայերէն լեզուին մէջ մենք կ՛օգտագործենք «Բարի Լոյս» , «Բարի Օր», «Բարի Ճանապարհ» եւ նման արտայայտութիւններ: Այսինքն բարին կ՛ընկալուի նաեւ որպէս տրամադրութիւն, միջավայր, մաղթանք»:

Երբ մարդ մը բարի կը համարենք, ի՞նչ յատկանիշներ կը վերագրենք անոր:

Բարին իմ պատկերացումով այն մարդն է, որ բոլորին լաւ բան կը ցանկայ ու կը կատարէ հակադրուելով չարին:
Անգլերէն good (բարի) բառէն կը բաւէ, որ o տառը հանենք ու կը ստանանք God (Աստուած), իսկ evil (չար) բառին դիմաց բաւական է աւելացնել d տառը եւ կը ստանանք devil (սատանայ)
Ձեր կարծիքով այս մէկը պատահականութեա՞ն արդիւնք է:

Մարդ ըլլալը լաւ բան է, բայց երկու ոտքի վրայ կանգնիլը բնաւ չի նշանակեր, որ տուեալ անձը ՄԱՐԴ է:

Ընկեր Վահագնը ՄԱՐԴ էր բարի մարդու ամէն հասկացողութեամբ: Տագնապալի այս օրերուն երբ մարդկային ամէն արժէք շրջուած է, ուր բարին շատ յաճախ տեղի կու տայ չարին, ընկեր Վահագնի նման մարդոց գոյութեան անձերու կարեւորութիւնը շատ աւելի կը զգացուի, մինչ իրենց յիշատակը խնկելի կը մնայ:

Երիտասարդը իր մեծերուն նմանելով եւ անոնց օրինակը սորվելով է, որ մարդ կը դառնայ: Լաւ արժէքներով սնած երիտասարդը բարի հասունին է, որ կը փորձէ հետեւիլ ու նմանիլ: Անարժաններն են, որ կը հետեւին հասուն չարին:

Երէկ յիշատակեցինք մեր բարի ընկերոջ մահուան Ա. Տարելիցը: Եկեղեցին նստած վերոյիշեալ միտքերն է, որ կը խորհէի, որոնք այսօր սիրելիներ ուզեցի բաժնել ձեզի հետ:

Թող ընկեր Վահագնի բարի յիշատակը անթառամ մնայ մեր սիրտերուն մէջ ու անով զինուած դիմադրենք չարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին