Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Խոճալուի Դէպքերուն Առնչութեամբ Յայտարարութիւն Տարածած Է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) Խոճալուի դէպքերուն 24-րդ տարելիցին առնչութեամբ, ազրպէյճանական կեղծ թեզերը պաշտպանող գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածած է:

Նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեամբ Խոճալուի ողբերգական դէպքերուն մէջ կը մեղադրուի հայկական զինուժը, իսկ Հայաստանն ալ «Ազրպէյճանի տարածքներու 20 տոկոսը գրաւուած պահելուն» մէջ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն ցաւակցութիւն յղած է «ազրպէյճանցի եղբայրներուն» եւ ափսոսանք յայտնած, որ Խոճալուի դէպքերը միջազգային հանրութեան կողմէ դեռ բաւականաչափ հետաքրքրութեան չեն արժանացած:

Յիշեցնենք, որ ըստ Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն` 1992 թուականի Փետրուար 26-ին Արցախեան պատերազմի ընթացքին, Աղտամ քաղաքի մատոյցներուն չբացայայտուած պայմաններու մէջ մահացած է 200-300 հոգի: Խոճալուն կը հանդիսանար այն 5 կրակակէտերէն մէկը, ուրկէ բուռն կրակ կը բացուէր շրջափակուած Ստեփանակերտի ուղղութեամբ: Խոճալուի բնակչութիւնը ամիսներ շարունակ բռնի կերպով կը պահուէր բնակավայրին մէջ եւ մտածուած չէր տարհանուեր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` յետագային զանոնք իբրեւ «կենդանի վահան» օգտագործելու նպատակով:

Խոճալուի բնակիչները, որոնք լքած էին բնակավայրը ԼՂՀ Ինքնապաշտպանական ուժերու տրամադրած մարդասիրական միջանցքով, անարգել անցած են աւելի քան 10 քմ.` հասնելով ազրպէյճանական ուժերու կողմէ վերահսկուող Աղտամ քաղաք: Աւելի ուշ ազրպէյճանական զօրքերու տեղակայման վայրէն ոչ հեռու յայտնաբերուած են բնակավայրի մահացած բնակիչներու դիերը: Զոհերու ստոյգ թիւը դեռ անյայտ է, քանի որ պաշտօնական Պաքուն կը հրապարակէ իրար հակասող թիւեր: Ազրպէյճանի խորհրդարանի այս բնակիչներու ողբերգական մահուան հետաքննութեամբ զբաղող յանձնաժողովը ցրուած է Հէյտար Ալիեւի հրամանով, իսկ հետաքննական նիւթերը գաղտնի պահուած են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին