*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
«Բարի» բառը այնքան կարևոր է մարդու կեանքին մէջ, որ կը բնութագրէ ոչ միայն մարդուն եւ անոր արարքները, այլ աւելի լայն իմաստով է որ կ՛օգտագործուի: Օրինակ` հայերէն լեզուին մէջ մենք կ՛օգտագործենք «Բարի Լոյս» , «Բարի Օր», «Բարի Ճանապարհ» եւ նման արտայայտութիւններ: Այսինքն բարին կ՛ընկալուի նաեւ որպէս տրամադրութիւն, միջավայր, մաղթանք»:
Երբ մարդ մը բարի կը համարենք, ի՞նչ յատկանիշներ կը վերագրենք անոր:
Բարին իմ պատկերացումով այն մարդն է, որ բոլորին լաւ բան կը ցանկայ ու կը կատարէ հակադրուելով չարին:
Անգլերէն good (բարի) բառէն կը բաւէ, որ o տառը հանենք ու կը ստանանք God (Աստուած), իսկ evil (չար) բառին դիմաց բաւական է աւելացնել d տառը եւ կը ստանանք devil (սատանայ)
Ձեր կարծիքով այս մէկը պատահականութեա՞ն արդիւնք է:
Մարդ ըլլալը լաւ բան է, բայց երկու ոտքի վրայ կանգնիլը բնաւ չի նշանակեր, որ տուեալ անձը ՄԱՐԴ է:
Ընկեր Վահագնը ՄԱՐԴ էր բարի մարդու ամէն հասկացողութեամբ: Տագնապալի այս օրերուն երբ մարդկային ամէն արժէք շրջուած է, ուր բարին շատ յաճախ տեղի կու տայ չարին, ընկեր Վահագնի նման մարդոց գոյութեան անձերու կարեւորութիւնը շատ աւելի կը զգացուի, մինչ իրենց յիշատակը խնկելի կը մնայ:
Երիտասարդը իր մեծերուն նմանելով եւ անոնց օրինակը սորվելով է, որ մարդ կը դառնայ: Լաւ արժէքներով սնած երիտասարդը բարի հասունին է, որ կը փորձէ հետեւիլ ու նմանիլ: Անարժաններն են, որ կը հետեւին հասուն չարին:
Երէկ յիշատակեցինք մեր բարի ընկերոջ մահուան Ա. Տարելիցը: Եկեղեցին նստած վերոյիշեալ միտքերն է, որ կը խորհէի, որոնք այսօր սիրելիներ ուզեցի բաժնել ձեզի հետ:
Թող ընկեր Վահագնի բարի յիշատակը անթառամ մնայ մեր սիրտերուն մէջ ու անով զինուած դիմադրենք չարին: