Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Ֆետերիքա Մոկերինի Պաշտօնական Այցով Երեւան Պիտի Ժամանէ

Մարտ 1-ին առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցով Երեւան կը ժամանէ՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որ մինչ այդ կ’այցելէ նաև Ազրպէյճան։ Հայաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով, կայանալիք հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու գլխաւոր հարցը՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափն է։ Պաշտօնական Երեւանը կ’ակնկալէ, որ Մոկերինիի այցելութիւնը խթանէ Հայաստան-ԵՄ նոր համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները: Այնուամենայնիւ տակաւին հնարաւոր չէ ըսել, թէ երբ կ’աւարտին պաշտօնապէս անցեալ Դեկտեմբերին մեկնարկած այդ բանակցությունները։ «Կը դժուարանամ ժամկէտ ըսել, բայց մէկ բան կրնամ նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չափազանց շահագրգիռ է, որ ատիկա ըլլայ շատ արագ», ըսաւ Քոչարեան: Մոկերինիի այցելութիւնը Հայաստանի համար երկրորդ հնարաւորութիւնն է՝ ամրապնդելու կապերը Պրիւքսէլի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին