Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Ամէն» Նախագիծը Պիտի Ներկայացուի Իտալիոյ Արէնա Տի Վերոնա Դահլիճին ՄԷջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Ամէն» նախագիծը Իտալիոյ մէջ պիտի ներկայացուի Օգոստոս 15-ին եւ 16-ին: «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին տեղեկացուց՝ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի պալեթմայսթեր Ռուտոլֆ Խառատեան` անդրադառնալով նախորդ տարի յետաձգուած ձեռնարկին:

«Ամէն»ը պիտի ներկայացուի Իտալիոյ Արէնա տի Վերոնա դահլիճին մէջ: Լաւագոյն խումբերը եւ բեմադրողները այդ դահլիճին մէջ վախնալով ելոյթ կ’ունենան: Նախագիծին շուրջ պիտի  հաւաքուին համաշխարհային աստղեր եւ կատարողներ: Ամբողջ ներկայացման մէջ կարմիր գիծով պէտք է անցնի հայոց պատմութիւնը», նշեց Ռուտոլֆ Խառատեան:

ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտին խօսքով` ներկայացումը ինք պիտի բեմադրէ: «Շատ պատասխանատու է` ինչպէս ներկայացնել Հայաստանը, որ ճանչնան քեզ: Մանրակրկիտ աշխատանք է: Մենք աշխարհին բան ունինք ցոյց տալու», շեշտեց ան աւելցնելով, որ նախորդ տարի Վերոնայի մէջ տեխնիկական խնդիրներ  եղած են, այդ իսկ պատճառով ներկայացման անդրանիկ ելոյթը յետաձգուած է:

«Ամէն»ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, անոր ծագման, ճակատագիրի պատմութիւնը: Նախագիծին նպատակն է ցոյց տալ, որ Հայաստան հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու կորուստներուն, կը շարունակէ ըլլալ ծաղկող, երջանիկ եւ ստեղծարար երկիր:

Իրադարձութեան պիտի մասնակցին Neue Philharmonie Hamburg-ը, «Հովեր» քամերային երգչախումբը, օփերայի արուեստագէտներ Յասմիկ Պապեան, Մարիօ Ֆրանգուլիս, Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը, Բարսեղ Թումանեան, Ճուլիէթ Գալստեան, Ռոզի Անոյշ Սվազլեան եւ այլք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին