Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Դոկտ. Ըրվին Հայ Մտաւորականներու Մասին Պիտի Դասախօսէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Երկուշաբթի, Փետրուար 29-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի գործարարական բաժանմունքի «Էլիս Փիթըրզ» սրահին (թիւ 191) մէջ, համալսարանի հայագիտական ուսմանց «Գազան» հիմնարկի այցելու դասախօս դոկտ. Ռապըրթա Ըրվին, պիտի սկսի «Հայոց Ցեղասպանութեան խիստ լոյսին տակ. Որոշ հայ մտաւորականներու ներաշխարհը» նիւթով հանրային դասախօսութեանց շարք մը։

Շարքի առաջին ներկայացումին խորագիրն է՝ «Հայերն ու անմահութիւնը»։ Յաջորդ դասախօսութեանց թուականներն են Մարտ 30 եւ Ապրիլ 27։

Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Հայկական դպրեվանքէն ժամանած դոկտ. Ռապըրթա Ըրվին վկայուած է «Քոլոմպիա» համալսարանէն։ Ներկայացումը կազմակերպուած է համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին կողմէ:

Դասախօսութենէն առաջ, ժամը 6։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Մուտքը ազատ է: Ձեր ինքնաշարժները կարելի է անվճար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ՝ օգտագործելով «273615» թիւը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին