Շաբաթասկիզբին մահացած է ժամանակակից իրականութեան ամենալուսաւոր մարդոցմէ մէկը` պատմաբան եւ աղբիւրագէտ Պետրոս Յովհաննիսեան:
Պետրոս Յովհաննէսի Յովհաննիսեան ծնած է 1944 թուականի Յունիս 22-ին Գիւմրի` Հայոց Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած երզնկացի Յովհաննէսի բազմանդամ ընտանիքին մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է նոյն քաղաքի Վլ. Մայակովսքիի անուան թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ, որ աւարտելէ յետոյ Պ. Յովհաննիսեան յաջողութեամբ յանձնելով ընդունելութեան քննութիւնները, կ՛ընդունուի Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) պատմութեան բաժանմունք` ընտրելով Հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառը: Ուսումնառութեան շրջանին կը զօրակոչուի բանակ եւ շուրջ երեք տարիներ խորհրդային բանակին մէջ ծառայելէ ետք, կը շարունակէ ուսումը եւ 1970-ին կ՛աւարտէ ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքը: Նոյն թուականին կ՛ընդունուի ասպիրանտուրա Հայոց պատմութեան ամպիոնի գծով եւ 1976-ին յաջողութեամբ կը պաշտպանէ թեկնածուական ատենախօսութիւնը` փրոֆ. Ս. Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ: Այնուհետեւ կ՛աշխատի Հայոց պատմութեան ամպիոնի մէջ իբրեւ գիտաշխատող, ամպիոնի վարիչ, աւագ դասախօս, ապա դոցենտ, յետոյ փրոֆէսոր: 2013-էն մինչ օրս կը ղեկավարէր ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամպիոնի աշխատանքները:
Ընթերցող հասարակութեան մեծ մասին յայտնի են Պ. Յովհաննիսեանի հայ թագաւորներու, կաթողիկոսներու, հասարակական-պետական նշանաւոր գործիչներու մասին ՀՀ հանրագիտարաններու եւ «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարանի բազմաթիւ յօդուածները: Ան շարք մը գիտական խորհուրդներու անդամ էր եւ գիտական բազմաթիւ զեկուցումներով հանդէս եկած է հանրապետական ու միջազգային շարք մը գիտաժողովներու մէջ:
Իր գիտամանկավարժական անբասիր գործունէութեան համար 2009 թուականին Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով՝ Պ. Յ. Յովհաննիսեանին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժի պատուաւոր կոչում: