Վարդանանց տօնին առիթով 3 Փետրուար 2016-ին, վարժարանիս Մանկապարտէզը կազմակերպեց փոքրիկ միջոցառում մը: Անոնք արդէն իսկ օրեր առաջ լսած էին Աւարայրի ճակատամարտի, քաջն Վարդան Մամիկոնեանի նահատակութեան եւ յանդուգն Ղեւոնդ Երէցի մասին: Որովհետեւ իրենք «Քաջ Վարդանի թոռներ» են, իրենց փոքրիկ ոտքերը ուժգին հարուածելով գետնին տողանցեցին ու երգեցին հայրենասիրական երգեր: Օրուայ աւարտին տուն վերադարձան իրենց պատրաստած վահանէ ձեռայիններով եւ քաջն Վարդանի նկարներով:
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Վահան Թէքէեան Վարժարանի Պարսամեան հանդիսասրահին մէջ: Քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանիս Միջն. Բ դասարանի աշակերտուհի Կրէյս Ուլիկեան, ուր ան վեր առաւ աշակերտութեան կողմէ հայրենասիրական բարձր ոգին՝ նորոգելով իրենց ուխտը, հաւատարիմ մնալ հայ ոգու անսասանութեան ու քրիստոնէական վեհ հաւատքին:
Գործադրուած պատշաճ յայտագիրով հանդէս եկան վարժարանիս նախակրթարանի Գ., Դ., Ե. եւ Զ. Դասարանները երգելով Լիբանանի, Հայաստանի ու Վարժարանիս քայլերգները: Ապա ներկայացուցին խմբերգներ «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք», «Լռեց Ամպերը», «Երգ Մեռնող Հայրենասէրի», խմբային արտասանութիւն «Վարդանանք» խորագիրով: Վարժարանիս «Կարս» պարախումբը ներկայացուց ազգագրական պար մը: Միջնակարգ Ա. դասարանի աշակերտուհի Վարդի Սալխանեան գեղեցիկ առոգանութեամբ ասմունքեց՝ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը: Միջնակարգ Բ. դասարանի աշակերտուհի Դալար Գէորգեան երգեհոնի վրայ նուագեց «Հիմի էլ լռենք»ը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսաերիզ մը Վարդանանց պատերազմի մասին:
Օրուան պատգամախօսն էր Լիբանանի թեմի ազգային առաջնորդարանի կրօնական բաժանմունքի ատենապետ, Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն, ինչպէս նաեւ Ժիւնիի Սրբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան: Ան իր պատգամին մէջ նշեց, թէ պարսիկները ուզեցին, որ հայերը չխօսին հայերէն ու դառնան հեթանոս, ազատօրէն չապրին, բայց հայերը առանց զիջումի ու գլխաբաց, միայն խոնարհելով Աստուծոյ դիմաց դէմ յանդիման կանգնեցան թշնամիին: Տէր Հայրը հաստատեց, որ հայերը պատերազմը յաղթեցին թէ՛ ուժով եւ թէ բարոյականութեամբ, որովհետեւ այսօր չկան Սասանեան, Բիւզանդական ու Հռոմէական կայսրութիւնները, բայց կայ ազատ, անկախ ու քրիստոնեայ Հայաստանը: Հոգեւոր հայրը եզրակացուց, որ վարդանները կռուեցան, որպէսզի մենք հայ մնանք, հայու նկարագիրով ապրինք, քաջ ըլլանք, ունենանք ամուր հաւատք ու պաշտպանենք մայրենին, հաւատարիմ մնալով դպրոցին ու եկեղեցւոյ:
Միջոցառման աւարտին վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագիրի մաս կազմող աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն: Ապա գեղեցիկ յուշանուէրով մը պատուեց օրուայ պատգամախօս Տէր Հայրը: